image

Թուրքիա. Լայնածաւալ զօրավարժութիւններ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ

Թուրքիա. Լայնածաւալ զօրավարժութիւններ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ

Թուրքիոյ մէջ մեկնարկած են «Eternity-2022» խորագրով զօրավարժութիւնները՝ Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու մասնակցութեամբ․ այս մասին կը յայտնէ ԹԱՍՍ՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Զօրավարժութիւններու ընթացքին ռազմավարական նշանակութեան տարածաշրջանային տնտեսական նախագիծերու պահպանութեան ուղղուած խնդիրներ պիտի իրականացուին»,- նշուած է Ատրպէյճանի ՊՆ հաղորդագրութեամբ։

Զօրավարժութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ 28 հոկտեմբեր․ անոնց նպատակը կը համարուի Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդումը։