Գիշերը Մոսկուան ենթարկուած է ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) յարձակման։ Խոցուած է մօտ 180 անօդաչու, սակայն յարձակումը տակաւին կը շարունակուի, նշած է Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սոպեանինը, կը հաղորդէ РБК-ն։
Կը հաղորդուի, որ «Շերեմեթեւօ» օդակայանի ուղեւորները տարհանուած են։ Հարուածը հասցուած է Քափոթնիայի նաւթավերամշակման գործարանին եւ Կոտ Նիսանովին պատկանող «Սատովոտ» առեւտրական կեդրոնին։
«ՀՕՊ ուժերը կը շարունակեն ետ մղել զանգուածային յարձակումը։ Հետեւանքները վերացնելու համար անհրաժեշտ միջոցառումներ կը ձեռնարկուին»,- աւելցուցած է Սոպեանինը։
Անօդաչուներու յարձակման մասին հաղորդած է նաեւ Մոսկուայի մարզի նահանգապետ Անտրէյ Վորոպիովը։ Անոր խօսքով՝ դրոնի բեկորներ ինկած են «Պելայա Տաչա» առեւտրական կեդրոնի տանիքին։
«Հրդեհ բռնկած է։ Հրդեհի մակերեսի եւ հնարաւոր տուժածներու վերաբերեալ տեղեկութիւնները կը ճշդուին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։