image

Թրքական անձնագրէն հրաժարած պելճիքացի նախարարուհի. «Թրքական անձնագիրը կորսնցուցած է իր արժէքը»:

Թրքական անձնագրէն հրաժարած պելճիքացի նախարարուհի. «Թրքական անձնագիրը կորսնցուցած է իր արժէքը»:

Թուրքիոյ եւ Պելճիքայի լարուածութիւնը ծանրանալէն ետք՝ պելճիքացի նախարարուհի՝ Զոհալ Տիմիր, հրաժարած է թրքական անձնագիրէն:

Այս մասին տեղեկութիւն տուած է «skynewarabia.net» կայքը:

Ըստ կայքին՝ պէլճիքացի նախարարուհին, ծագումով  քիւրտ է: Ան ունի երկու անձնագիր՝ պելճիքական եւ թրքական, սակայն՝ հրաժարած է թրքական անձնագրէն, նշելով որ վերջինս կորսնցուցած է իր արժէքը:

Յիշեցնենք, որ     Եւրոպական տարբեր երկիրներու կողքին Անգարա- Պրիւքսէլ  յարաբերութիւնները մեծ լարուածութիւն կ'ապրին:       Այժմ՝  Պրիւքսէլի  կառավարութիւնը թոյլտւութիւն չէ տուած Թուրքիոյ՝ կապ հաստատել Պելճիքայի մէջ գտնուող թրքական  համայնքին   հետ:

Պելճիքացի նախարարուհին յատարարած է իր դիմատետրի էջին վրայ, թէ ան հպատր է պելճիքական անձնագիրը ունենալուն համար. «Թուրքիան իմ սրտիս մէջ է, բայց իշխանութիւնն ու անձնագիրը կորսնցուցած են իրենց արժէքը»: