Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրնայ այս տարի այցելել Չինաստան՝ գործարարներու պատուիրակութեան ուղեկցութեամբ, հաղորդած է Nikkei Asia թերթը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։
«Ամերիկացի պաշտօնեաները կը պատրաստեն նախագահ Տանըլտ Թրամփի այս տարի Չինաստան այցի ծրագիրները՝ տասնեակ գործարարներէն բաղկացած պատուիրակութեան հետ»,- ըսուած է հրապարակման մէջ՝ վկայակոչելով աղբիւրները: