image

Թրամփ դատի տուած է ամերիկահայ խոհարարը

Թրամփ դատի տուած է ամերիկահայ խոհարարը

Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական թեկնածու Տոնալտ Թրամփ անցեալ շաբաթ ստիպուած եղած է մէկ օր դադար տալ իր նախընտրական պայքարին. պատճառը՝ ամերիկահայ ծանօթ խոհարար, ճաշարաններու մեծ ցանցի հիմնադիր Ճեֆրի Զաքարեանի դէմ իր յարուցած դատն էր:

Բանն այն է, որ Զաքարեան լսելով մեքսիքացիներու հասցէին Թրամփի յայտարարութիւնները, դրժած է վերջինիս հետ նախապէս կնքուած պայմանագրութիւնը եւ հրաժարած է Ուաշինկթընի մէջ կառուցուող՝ Թրամփի նոր շքեղ պանդոկին մէջ բանալ իր ցանցի ճաշարաններէն մէկը: Տոնալտ Թրամփի կարծիքով, խախտելով գործարքը, Ճեֆրի Զաքարեան իրեն տասը միլիոն տոլարի վնաս հասցուցած է, զոր գործարարը կը պահանջէ հայ խոհարարէն՝ որպէս վնասուց հատուցում:

Ուաշինկթընի դատարանը անցեալ շաբաթ հրահանգած էր Թրամփին անձամբ բացատրութիւններ տալ իր ներկայացուցած բողոքին մասին: Դատարանի այս որոշումը Թրամփի կողմնակիցներու քննադատութեան արժանացած էր, քանի որ թեկնածուն ստիպուած եղած է մէկ օր ընդմիջել ընտրապայքարը: Զաքարեան պայմանագրի դրժումի այդ քայլին դիմած է, երբ Թրամփ նուաստացուցիչ յայտարարութիւններ ունեցած էր մեքսիքացիներու հասցէին: Հայ խոհարարը ըսած է, որ իր աշխատակիցներուն երեք-չորրորդը Մեքսիքայէն եկած ամերիկացիներ են, հետեւաբար ինք չի կրնար աշխատիլ մեքսիքացիները դատապարտող անձի հետ: Զաքարեան չի զղջար համաձայնութիւնը խախտած ըլլալուն համար: «Փոխարէնը, ես գիշերները հանգիստ կը քնանամ», - ըսած է ան: