image

Ամերիկահայ ուխտաւորներ՝ Պոլսոյ Պատրիարքին մօտ

   Ամերիկահայ ուխտաւորներ՝ Պոլսոյ Պատրիարքին մօտ

Միացեալ Նահանգներու մէջ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցող եւ մօտիկ անցեալի Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի նախկին միաբաններէն՝ Մաշտոց Չոպանեան ուխտաւորներու խումբ մը առաջնորդելով օրերս այցելած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքին։

Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պոլսոյ Աթոռի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

 

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 5 Սեպտեմբեր 2024, Հինգշաբթի ժամը 16.00-ին ընդունեց Ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբը, որուն առաջնորդն էր Մաշտոց Չօպանեան։

Խումբի անդամները Աղթամարի ուխտագնացութեան մասնակցելու առիթով եկած էին քաղաքս եւ փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան եւ ստանալ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։

Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացած ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։ Խումբի առաջնորդ Մաշտոց Չօպանեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց խումբի անդամներուն եւ մաղթեց որ ուխտագնացութեանց առիթով ճանչնան մեր քաղաքի սրբատեղիները եւ լաւ տպաւորութեամբ վերադառնան իրենց տուները։

Չօպանեան յանուն ուխտաւորներու յիշատակի նուէր մը յանձնեց Նորին Ամենապատուութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը հիւրերուն նուիրեց «Քրիստոնէութեան Հիմնական Սկզբունքները» գիրքէն օրինակներ։

Խումբի անդամները Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայի առաջնորդութեամբ այցելեցին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի ուր կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը։