Նոյեմբեր 4-ի վաղ առաւօտէն Քննչական կոմիտէի քննիչները խուզարկութիւններ կը կատարեն «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանի եւ Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանի բնակարաններուն մէջ։
Այս մասին կը յայտնէ կուսակցութեան խօսնակ Աղաւնի Սուքիասեան։ Անոր տեղեկութիւններով՝ խուզարկութիւններ կը կատարուին նաեւ Կարապետեան ընտանիքին հետ կապուած այլ հասցէներու մէջ։
Քննչական կոմիտէի խօսնակ Կիմա Աւդալեան յայտնած է, որ ՔԿ տնտեսական յանցագործութիւններու եւ մաքսանենգութեան քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ քննուող քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս միաժամանակեայ խուզարկութիւններ կը կատարուին 65 հասցէներու մէջ։
Քննչական կոմիտէն տակաւին չէ մանրամասնած, թէ որ քրէական գործի շրջածիրէն ներս կը կատարուին խուզարկութիւնները, որո՛նք են վարոյթին մէջ ներգրաւուած անձերը եւ ի՛նչ կը փնտռեն քննիչները։ Պաշտօնապէս յստակացուած չէ նաեւ, թէ արդեօք 65 հասցէներուն մէջ կատարուող բոլոր խուզարկութիւնները կապ ունին Կարապետեան ընտանիքին հետ։