ԲՀԿ-ն բողոքի ոյց կը կատարէ ԿԸՅ-ի դիմաց: «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը բողոքէ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի կողմէ երկու տեղամասերու մէջ քուէարկութեան արդիւնքներու չեղարկման պատճառով։
«Օֆիցիալ բացառում եմ որեւէ կոմպրոմիս եւ համագործակցութիւն Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՔՊ-ի հետ։ Մենք Փաշինեանի հետ կարող ենք միայն մէկ խօսակցութիւն ունենալ`իր հեռացման պայմաններն են»,- յայտարարած է ԲՀԿ-էն պատգամաւորի թեկնածու Սուրէն Սուրէնեանցը։
Յիշեցնենք, որ ԲՀԿ մամուլի խօսնակ Իվեթա Տօնոյեանը յայտարարած էր, որ իրենք բոլոր հնարաւոր օրինական եւ իրաւական միջոցներով պիտի պայքարին այս հակաօրինական գործընթացի դէմ։
«Արդէն վաղը բողոքարկելու ենք այս ապօրինի որոշումը եւ օգտագործելու ենք ամբողջ իրաւական գործիքակազմը՝ կանխելու եւ կասեցնելու այսպիսի կամայականութիւնները»,- նշած էր ան։