image

Թէոդորոս Բ. պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելած է Արամ Ա. կաթողիկոսին

Թէոդորոս Բ. պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւնը այցելած է Արամ Ա. կաթողիկոսին

Երկուշաբթի, 25 յուլիս 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի գրասենեակին մէջ ընդունած է ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թէոդորոս Բ. պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան մաս կազմած են հայր Ռուէյս Օրաշալիմի, պատրիարքի խորհրդական դոկտ. Կրկես Սալեհ եւ Լիբանանի ղպտի համայնքի ներկայացուցիչը: Հանդիպման սկիզբը դոկտ. Սալեհ վեհափառ հայրապետին յանձնած է ղպտի պատրիարքին կողմէ առաքուած անձնական նամակ մը:

Վեհափառ հայրապետը բարի գալուստ մաղթելէ ետք ղպտի պատուիրակութեան յիշեցուցած է երկու քոյր եկեղեցիներուն պատմական կապերը եւ շեշտած՝ ուժեղ հիմքերու վրայ հաստատուած այս համագործակցութիւնը շարունակելու հրամայականը: Ան նաեւ նշած է, որ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները պէտք է խթան հանդիսանան առաւել եւս ամրապնդելու երկու եկեղեցիներու սերտ յարաբերութիւնները բոլոր մակարդակներուն վրայ` Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան համայնքներուն միջեւ: 

 

Նիւթի աղբիւր՝ Ազդակ