Վաղը Թեհրանի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով «3+3» ձեւաչափով հանդիպում պիտի կայանայ, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Նշուած է, որ հոկտեմբեր 23-ին Թեհրանի մէջ տեղի պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում «3+3» ձեւաչափով (Ատրպէյճան, Թուրքիա, Ռուսիա, Իրան, Հայաստան, Վրաստան):
«Հանդիպման, բացի տարածաշրջանային խնդիրներէն, պիտի քննարկուին նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւնները»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։