Իրանի նախագահ Սայիտ Իպրահիմ Ռայիսին երեքշաբթի Թեհրանի «Սատապատ» համալիրին մէջ պաշտօնապէս դիմաւորած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ ժամանած է Իրանի նախագահի հրաւէրով՝ բարձրաստիճան պատուիրակութեան գլխաւորութեամբ։
Ինչպէս գրած է mehrnews.com-ը, դիմաւորման արարողութենէն ետք մեկնարկած են երկկողմ բանակցութիւններ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի միջեւ։
Իրանի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու բանակցութիւններու առանցքային թեմաներն են տարբեր քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան զարգացումն ու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային կարեւորագոյն հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակումը։