image

The Guardian. «Իսկական գինը վճարողը՝ Ուքրանիոյ ժողովուրդն է»

The Guardian. «Իսկական գինը վճարողը՝ Ուքրանիոյ ժողովուրդն է»

Փոխարէնը, Ուքրանիան առաւել քան երբեւէ կարծես ՆԱԹՕ-ի վարձկանը  ըլլար, արեւմտեան այն զօրավարներուն համար, որոնք կ՚ուզէին մեծցնել իրենց պիւտճէն եւ վերապրիլ «պաղ պատերազմ»ի խաղերը, որոնք խաղցած են իրենց երիտասարդութեան տարիներուն. եւ այս բոլորին  գինը, ըստ թերթին, կը վճարեն հարկատուները եւ Ուքրանիոյ երիտասարդութիւնը:

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Մայատին»ը։

Բրիտանական «The Guardian» թերթի հաղորդմամբ՝ Ռուսիոյ կողմէ Գերմանիոյ ռազմաօդային ուժերու ղեկավարի եւ բարձրաստիճան սպաներու զրոյցի արտահոսքը՝ Ուքրանիա Taurus թեւաւոր հրթիռներ ուղարկելու մասին, բացայայտեց, որ ներկայ պատերազմը չսրելու ՆԱԹՕ-ի կամքը սկսած է թուլանալ:

«Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը փակուղի մտնելու հետեւանքով, ՆԱԹՕ-ի ռազմավարութիւնը կորսնցուց իր համախմբուածութիւնը։ Սա այն պարագան է, երբ նման պատերազմները դուրս կու գան վերահսկողութենէ»,- գրած է թերթը։

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ «աւելի քան երկու տարի, եւ մինչ օրս, արեւմտեան առաջնորդները ներքին լսարանի առջեւ իրենց առնական կերպարը «կը յղկեն»՝ այցելելով Քիեւի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիին եւ կոչ ընելով անոր  ու  իրենց օգնութիւնը տրամադրելով  հասնելու լիակատար յաղթանակի»:

Պարբերականը նաեւ կը նշէ, որ  բոլորին համար բացայայտ  սկսած է դառնալ, որ «ամբողջական յաղթանակի հասնիլը բացարձակապէս հնարաւոր չէր», նկատի ունեանալով, որ «Մոսկուան պատերազմի մէջ միշտ կրնայ երկար խաղալ»:

Չնայած այն ժամանակ սարսափելի կը թուար, այնուամենայնիւ, 2022-ի գարնան առաջարկուած գործարքը՝ վերադառնալու 2022-ի փետրուարեան սահմաններու որեւէ տարբերակի, իմաստալից էր (տրամաբանական էր):

Փոխարէնը, Ուքրանիան առաւել քան երբեւէ կարծես ՆԱԹՕ-ի վարձկանը  ըլլար, արեւմտեան այն զօրավարներուն համար, որոնք կ՚ուզէին մեծցնել իրենց պիւտճէն եւ վերապրիլ «պաղ պատերազմ»ի խաղերը, որոնք խաղցած են իրենց երիտասարդութեան տարիներուն. եւ այս բոլորին  գինը, ըստ թերթին, կը վճարեն հարկատուները եւ Ուքրանիոյ երիտասարդութիւնը:

The Guardian-ը նաեւ նշած է, որ «դժուար է պատկերացնել ինչ որ շահ, որ Արեւմտեան Եւրոպան կրնայ ունեանալ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի սրումէն՝ փոխադարձ հեռահար հրթիռներ արձակելու միջոցաւ» եւ աւելցուցած, որ թէեւ Եւրոպան պէտք է պահպանէ իր նիւթատեխնիկական (լոճիսթիք) աջակցութիւնը ուքրանական ուժերուն, սակայն ան չունի ռազմավարական շահագրգռուածութիւն՝ Ռուսիան Խրիմի կամ Տոնպասի ռուսալեզու մեծամասնութեամբ շրջաններէն վտարելու Քիեւի ցանկութեան առընթեր, եւ  ատոր փոխարէն ունի  շահագրգռուածութիւն ՝ ձգտելու հասնիլ շուտափոյթ կարգաւորման եւ  նախաձեռնելու՝ Ուքրանիոյ վերակառուցման գործին։

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքի կողմէ կիրառուած «փափուկ ուժ»ի պատժամիջոցներուն, թերթը կը համարէ, որ ատոնք «մեծապէս ձախողած են այդ գործընթացին մէջ՝ խաթարելով համաշխարհային առեւտրային տնտեսութիւնը»։ Աղբիւրը  կ՚ընդգծէ, որ թէեւ պատժամիջոցները կրնան սիրուած ըլլալ արեւմտեան դիւանագէտներու եւ վերլուծական կեդրոններու կողմէ, սակայն ատոնք աւելի շատ կը վնասեն Բրիտանիոյ մէջ ուժանիւթ օգտագործողներուն, քան Ռուսիոյ, եւ ատոնք չեն կրցած ոչնչացնել ռուսական տնտեսութիւնը եւ չեն կրցած փոխել Փութինի կարծիքը:

Ի դէպ անցեալ փետրուար 20-ին Քիեւ խոստովանեցաւ, որ ուքրանական բանակը ներկայիս կը գտնուի «շատ ծանր» վիճակի մէջ ռուսական ուժերուն առջեւ։

Մոսկուան յաճախ զգուշացուցած է, որ Արեւմուտքի յայտարարութիւնը Ուքրանիա ամերիկեան եւ գերմանական հրասայլեր եւ յարձակողական զէնք ուղարկելու մտադրութեան մասին կրնայ համաշխարհային աղէտի պատճառ դառնալ՝ յանգեցնելով ռուսական պատասխան քայլերու, որոնք կ՚ենթադրեն աւելի հզօր զէնքերու կիրառում։