Թուրքիա- «Արեւելք»ի ունեցած տեղեկութիւններով Սուրուճ գտնուող Թովմասեան ընտանիքը յառաջիկայ օրերուն Երեւան պիտի հասնի: Սոյն տեղեկութիւնը յաջողեցանք ճշդել Երեւան գտնուող Թովմասեան ընտանիքի բարեկամներէն: Մեր աղբիւրը, որ խնդրեց չհրապարակել իր անունը նաեւ ըսաւ, որ Թովմասեան ընատնիքի 9 անդամները, փափաք յայտնած են Երեւան հաստատուիլ: Անոնց փոխադրութեան հարցը լուծելու համար կարեւոր ճիգեր իրագործած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարաքական տեղապահ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան: Տեղեկութիւն ստացանք նաեւ, որ Թովմասեաններու օգնութեան ձեռք երկարած է ամերիկահայ ազգային մը, որ նիւթական աջակցութիւն ցոյց տուած է անոնց Հայաստան փոխադրուիլը ապահովելու համար: Մեր ունեցած տեղեկութիւններով Թովմասեանները փափաք յայտնած են Հայաստան ապրիլ: Յիշեցնենք, որ Թովմասեանները Սուրուճ հասած էին Սուրիոյ Թալ Ապիատ շրջանէն եւ անոնք խոյս տուած էին ISIS ահաբեկչական խմբաւորումէն: Թովմասեան ընտանիքի մէ անդամը Յովսէփ Թովմասեան (45 տարեկան) սպաննուած էր իր 12 տարեկան որդւոյն՝ Արամի աչքերուն առաջ: Անցնող 8 Յուլիսին Պոլսոյ Պատրիարքութեան Տեղապահ Տ. Արամ Սրբազան հասած էր Սուրուճ եւ հանդիպում ունեցած էր վրաններու տակ բնակեցուած Թովմասեաններուն հետ: «Արեւելք» աւելի ուշ յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ Թովմասեաններուն մասին: