image
Հրատապ լուրեր:

Տէրիք. Նշուած է Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը

Տէրիք. Նշուած է  Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման  տօնը

Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մեծաշուք կերպով նշուած է Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Օրուայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցած է Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Հոգշն. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝

Ուրբաթ, 15 Օգոստոս 2025-ին, Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հոգեզմայլ եւ հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ, մեծաշուք կերպով նշուեցաւ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Օրուայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Հոգշն. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, որուն կողքին, իր աղօթական ներկայութեամբ եւ օժանդակութեամբ, կը գտնուէր տեղւոյս Հոգեւոր Հովիւը՝ Արժանապատիւ Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան։

Պատարագի ընթացքին, Հայր Սուրբը քարոզին մէջ շեշտեց Ս. Աստուածածնի սրբակենցաղ կեանքը, հաւատարմութիւնը Աստուծոյ պատուիրաններուն։ Ան նաեւ հրաւիրեց հաւատացեալները իրենց կեանքին մէջ պահելու մաքրութեան, խոնարհութեան եւ հաւատքի առաքինութիւնները՝ Աստուածածնի օրինակով։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, հաւատացեալ ժողովուրդը միասնաբար երգեց «Ամէն, Ալէլուիա» աղօթքը, որուն յաջորդեց Աւանդական Խաղողի Օրհնութիւնը։

 Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի աշխատասիրող եւ նուիրեալ  ուսուցչական կազմը, սիրով պատրաստած էին խաղողները, որոնց Օրհնութենէ ետք, բաժնուեցան հաւատացեալներուն, ի նշան Աստուծոյ բարիքներու առատութեան, կեանքի նորոգութեան եւ ուրախութեան։

Տօնին աւարտին, Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբը, հանդիպում ունեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին հետ դպրոցի դահլիճին մէջ։ Հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ՝ լի շնորհակալութեան եւ յիշատակելի պահերով, ուր հաւատացեալները առիթ ունեցան ստանալու Հայր Սրբոյ օրհնութիւնն ու հաւատքով լեցուն խրատները։