image
Հրատապ լուրեր:

Տէր Պետրոսեան իր բնակարանին մէջ ընդունած է ԱՄՆ Դեսպանը

Տէր Պետրոսեան իր բնակարանին մէջ ընդունած է ԱՄՆ Դեսպանը

5 Փետրուարին ՀՀ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն իր առանձնատան մէջ հանդիպած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսիի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Տէր-Պետրոսեանի մամլոյ խօսնակ՝ Արման Մուսինեան:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւած զրոյցի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր: Երկուստեք ընդգծուած է միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս ԱՄՆ կողմէ իրականացուող եւ ակնկալուող մարդասիրական օգնութեան կարեւորութիւնը:

Հրատապ խնդիր դիտուած է մանաւանդ ռազմագերիներու անյապաղ վերադարձը եւ Արցախի ու Հայաստանի բնակչութեան, պատերազմին զոհուածներու ընտանիքներու, վիրաւորներու եւ հաշմանդամներու ընկերային կարիքներու ապահովումը: Հանդիպման մասնակցած են դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական բաժնի ղեկավարի տեղակալ Քիմպըրլի Զափֆէլը եւ ՀԱԿ փոխնախագահ Լեւոն Զուրապեանը: