Աւելի քան մէկ ժամ տեւած զրոյցի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող շարք մը հարցեր: Երկուստեք ընդգծուած է միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս ԱՄՆ կողմէ իրականացուող եւ ակնկալուող մարդասիրական օգնութեան կարեւորութիւնը:
Հրատապ խնդիր դիտուած է մանաւանդ ռազմագերիներու անյապաղ վերադարձը եւ Արցախի ու Հայաստանի բնակչութեան, պատերազմին զոհուածներու ընտանիքներու, վիրաւորներու եւ հաշմանդամներու ընկերային կարիքներու ապահովումը: Հանդիպման մասնակցած են դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական բաժնի ղեկավարի տեղակալ Քիմպըրլի Զափֆէլը եւ ՀԱԿ փոխնախագահ Լեւոն Զուրապեանը: