Օրերս Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ կրթական գործընթացի բնականոն շարունակութեան ապահովման նպատակով։
Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Արամ Գարատաղլեանի էջէն։
Ստորեւ՝ վերջինիս գրառումը․
«Ի շարունակութիւն մեր գործադրած հետեւողական ջանքերուն՝ ապահովելու համար մեր աշակերտներուն սահուն վերադարձը առկայ ուսուցման, Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանին մէջ, այսօրուընէ սկսեալ, գլխաւորեցի դպրոցի Արտակարգ Իրավիճակներու Կառավարման խումբին պատուիրակութիւնը, որ այցելեց Զալքա - Ամարաթ Շալհուպ քաղաքապետութեան նախագահ՝ Տիար Միշել Ասաֆ ալ-Մըրրին։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ քաղաքապետի տեղակալ Տիար Ժան Ապու Ժուտէ։
Այցելութեան նպատակը ներկայ պայմաններուն մէջ, յատկապէս շարունակուող յարձակումներուն եւ հազարաւոր տեղահանուածներու կացութեան լոյսին տակ, շրջանի իրադրութեան քննարկումն ու առկայ ուսուցման վերադարձին վերաբերող աշխատանքներու համակարգումն էր։
Քաղաքապետը բարձր գնահատեց վարժարանի վարչութեան տարած աշխատանքը՝ շեշտելով, թէ քաղաքապետարանը իր բոլոր կարելիութիւններով կը շարունակէ պահպանել քաղաքի անվտանգութիւնն ու կարգապահութիւնը։ Ան նաեւ յայտնեց քաղաքապետութեան ամբողջական պատրաստակամութիւնը՝ դպրոցին հետ համագործակցելու եւ անհրաժեշտ աջակցութիւնը տրամադրելու»։