image

Ճանչնանք մեր բառերը (7)

Ճանչնանք մեր բառերը (7)

1.Առաւօտեան

«Ազդակ»-ի քաղաքական էջին սիրած եւ մեծ յաճախականութեամբ կիրարկած,− եւ ուրեմն  տարածած,−  մէկ  բառն է այս, ինչպէս այսօր, օրինակ՝

--Շաբաթ առաւօտեան Դիմադրութիւնը  հաղորդեց, որ մարտիկները առաւօտեան  կանուխ ժամերուն վար առած են անօդաչու սարք մը (20/11/23, էջ 1, ա. սիւնակ): 

Քերականական վերլուծումը ցոյց կուտայ, որ այս երկու կիրարկութիւններէն՝

--առաջինը մտածուած է իբրեւ մակբայ՝ «առաւօտեան հաղորդեց»: 

--երկրորդը մտածուած է իբրեւ ածական՝ «առաւօտեան ժամերուն»:

Լեզուական նման լարախաղացութիւն մը «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը  չցուցաբերէր, հապա ո՞վ պիտի համարձակէր, ո՞վ կրնար երազին մէջ մտածել նման բան մը:   

                                                                  *   *   *                                                    

Առաւօտ բառը գրաբարի սիրածներէն էր. աշխարհաբարն ալ կը կիրարկէ զայն վայելչօրէն, սակայն նախընտրածը առտու գոյականն է.

առտու    −  առտուան      – առտուանէ    – առտուանով

Իսկ առաւօտը կու տայ՝

առաւօտ – առաւօտու(ն) – առաւօտէ(ն) – առաւօտով

Ինչպէս կը տեսնենք, այս յարացոյցին մէջ առաւօտեան չկայ. այսպէս էր գրաբարի մէջ, այսպէս է աշխարհաբարի մէջ եւս՝ որդի ի նմանութիւն մօր իւրոյ: Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ:

Չկայ, որովհետեւ առաւօտեան-ը ածական է.

--առաւօտեան ժամ, առաւօտեան լոյս, առաւօտեան ցօղ, առաւօտեան արշալոյս...

Եւ ուրեմն չի կրնար հոլովական յարացոյցի մաս կազմել: Ան ածական էր գրաբարի մէջ եւս, որուն հարազատ ժառանգորդն է աշխարհաբարը:

Դժուար չէ տարրական պարկեշտութեան ու բարեխղճութեան թելադրանքով՝ բանալ  կարգ մը բառարաններ՝ գրաբար թէ աշխարհաբար, եւ հաստատել այս բոլորը: Նայիրիի «Հայերէն բառարաններ» կայքը բոլոր միջոցները կ’ընծայէ հետաքրքրուողին:

                                                                        *   *   *

2. Այս վերլուծումի հետեւութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ ճիշդ կիրարկուածը երկրորդն է՝ «առաւօտեան ժամերուն», այսինքն՝ ածական որոշիչ + գոյական որոշեալ:

--Ո՞ր կամ ինչպիսի՞ ժամերուն... առաւօտեան:

Գալով առաջինին... բառային ահարկու լղրճուկ մըն է այս:

Ինչո՞ւ:

--Առաւօտեան ածականը, ուրեմն, այստեղ առնուած է իբրեւ մակբայ եւ դրուած է «հաղորդեց» բային վրայ.  սա առաջին սայթաքումն է: Իսկ երկրորդը՝

--Առաւօտեան ածականին տրուած է շաբաթ օրանունը իբրեւ որոշիչ... առաւօտեան ենթադրեալ որոշիչին. այսինքն՝ ածականը որոշադրուած է  գոյականով մը... գացէք փորձեցէք նման բան մը, տեսնենք պիտի յաջողի՞ք: 

Այսպիսի բաներ կրնան պատահիլ մի՛այն «Ազդակ»-ի քաղաքական էջերուն մէջ:

Անոր կը հետեւի «Արարատ»-ը՝ «Հզպալլա  առաւօտեան  բացումը կատարեց  ծանր հրթիրներով...»:

Եզակի, ըսել կ’ուզեմ՝ եզական, առանձնայատկութիւն մըն է այս, որուն կառչած են  այս կիրարկութեանց  քաջազուն մատակարարները:

Իսկ ո՞ւր է լուծումը:

3. Լուծումը նախ եւ առաջ... լուծումի  որոնումի ցանկութեան մէջ է:

Հոն, ուր յամառօրէն կը խուսափինք լուծում փնտռելէ եւ մեր ականջները կը խցենք ամէն առաջարկի յանդիման, իրերը կը մնան այնպէս, ինչպէս որ եղած են ու կան այս էջին վրայ:

Ուրեմն՝ լուծումը. ահաւասիկ.

--«Շաբաթ առաւօտուն Դիմադրութիւնը հաղորդեց,  որ...»:

Ճիշդ ի՞նչ ըրինք. առաւօտեան ածականը, որ չի կրնար ժամանակի պարագայ դառնալ հաղորդեց  ու կատարեց բայերուն, փոխարինեցինք  առաւոօտ գոյականի տրական հոլովով. սա հայերէնի ոգիին հետ բոլորովին հաշտ լուծում է. հայերէնը միշտ ալ տրական հոլովը կրնայ կիրարկել իբրեւ բայական ժամանակի պարագայ. օրինակ՝

--Ես քեզ սիրի աշնան հովին:

(Ե՞րբ սիրեցի - աշնան  հովին՝ տրական հոլով)

--Այս ուշ գիշերին... գնում է ահա մի մտամոլար ու հիւանդ տղայ:

(Ե՞րբ կ’երթայ... ուշ գիշերին՝ տրական հոլով)

--Աշնան կ’երթաս երկիր, եարիս բարեւէ:

(Ե՞րբ կ’երթաս... աշնան՝ տրական հոլով):

--Մշուշ ու ստուերք արշալոյսին կը հալին:

(Ե՞րբ կը հալին... արշալոյսին՝ տրական հոլով)

--Առաւօտուն Աբիսողոմ աղան ելաւ անկողինէն:

(Ե՞րբ ելաւ... առաւօտուն՝ տրական հոլով)

Կը  նկատէ՞ք, որ Պարոնեան չէ ըսած՝ «առաւօտեան ելաւ»:

Իսկ առաւօտուն գոյականը կրնա՞յ իր վրայ շաբաթ գոյականը իբրեւ որոշիչ ստանալ, այլ խօսքով՝ գոյական մը կրնա՞յ դառնալ այլ գոյականի մը որոշիչը. այո, կրնայ դառնալ,  այս եւս հայերէնի ոգիին բոլորովին հաշտ է. օրինակ՝ 

--ոսկի աշուն – ինչպիսի՞ աշուն՝ ոսկի

--քար սիրտ ինչպիսի՞ սիրտ՝ քար 

--բոց աչքեր – ինչպիսի աչքեր՝ բոց

Այնպէս ալ՝  երկուշաթթի օր... չորեքշաբթի օր... շաբաթ օր, ուրեմն՝  շաբաթ առաւօտ:

                                                                               *   *   *  

−Գլուխնիդ բան մը մտա՞ւ,− վերապահօրէն  կը հարցնէր Մուշեղ Իշխան՝ տեսնելով մեր յուսահատ  դէմքերը եւ տարտամ, անորոշ ու ծանծաղ  նայուածքները:

−Այո՛, պարոն, ամ-մէ՛ն բան հասկցանք,− առաջինը կը պատասխանէր Եղիշէ Խոստեղեանը՝  ինքնավստահ շեշտելով  ամ-մէ ՛ն-ը,  ինքը՝ դասարանին ամէնէն  մանրակազմ  եւ  սնդիկի պէս   անհանդարտ, միշտ շուարած ու   ոչինչ հասկցող  մանչը:  

−Կը տեսնենք, կը տեսնենք,−  ճաղատ  ու բազմիցս փորձուած գլուխը թերահաւատ շարժելով  կ’ելլէր-կ’երթար՝  ապաւինելով  ներգործութեանը Սուրբ հոգիին, որ միշտ  ալ կը մոռնար մեր  դասարանցիներուն այցելել: Իսկ հիմա՝

−Բան մը հասկցա՞ք,− հարցնելու հերթը իմս է:



Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com