image

Ճանչնանք մեր բառերը (14)

Ճանչնանք մեր բառերը (14)

Մեր սերտած շաղկապները կը կոչուին  «համադասական յաւելական շաղկապ»:

Մնացեալները՝ ներհակական, տրոհական եւ բացայայտման շաղկապներ են: 

Սերտուած  չորսին կը յարին նաեւ հետեւեալները՝  մանաւանդ, նոյնպէս-նոյնպէս եւ,  ինչպէս-ինչպէս եւ-ինչպէս նաեւ. եւ երկու գրաբարէն վերապրած՝ ընդսմին, ընդորում բառերը: 

 

 

1. Նաեւ, այլեւ, եւս, ալ    

Հայերէնը մաս կը կազմէ շաղկապներով հարուստ լեզուներու:

Ան ունի մօտաւորապէս 90 շաղկապ, որոնք կը բաժնուին երկու խումբի.

ա) Համադասական շաղկապներ՝ մօտաւորապէս 40 հատ:

բ)  Ստորադասական շաղկապներ՝ մօտաւորապէս 50 հատ:

Համադասական շաղկապները  կը կապեն բառեր ու անկախ նախադասութիւններ: Համադասական շաղկապի  տիպարն է եւ/ու. օրինակ՝ 

--Է՜հ, մնաք բարով, աստղեր եւ/ու արեւ... 

--Ինչո՞ւ ապշած ես, լճա՛կ,   եւ/ու չեն խայտար քո ալեակք: 

Ստորադասական շաղկապները կը կապեն բարդ նախադասութեան ստորադաս բաղադրիչը գերադասին: Ստորադասական շաղկապի տիպարն է որ/թէ. օրինակ՝

--Թորոսը կը հաստատէ, որ Մարկոսը գերազանցիկ է:

--Կիրակոսը կը կարծէ, թէ Պիղատոսը պիտի յաջողի:

                                    *   *   *

Ինչպէս կը դատենք բերուած օրինակներէն, շաղկապին կապած բառերն ու բաղադրիչները իրարու կից՝ նոյն նախադասութեան մէջ  կը գտնուին. այս է պարագան մեր բոլո՛ր շաղկապներուն, բացի չորսէն՝ նաեւ, այլեւ, եւս, ալ. այս չորսը կրնան կապել բառեր ու բաղադրիչներ, որոնք անպայման իրարու կից՝ նոյն նախադասութեան մէջ  չգտնուին: 

Օրինակ՝ կը պատահի, որ փողոցը հանդիպիք բարեկամի մը եւ ակնարկելով հասարակաց ծանօթի մը՝ ըսէք. «Աչքերնիս լոյս, Թորոսն ալ կարգեցինք վերջապէս»:

Թորոսն ալ ...

Եւ ան հանգիստ պատասխանէ. «Լոյսերու մէջ մնաս, տառոսը ...Մարկոսին»:

Այսպէս խօսողները ի մտի ունին, որ այսինչը, այդինչն ու այնինչը՝ բոլորը իրենց ընկերական շրջանակէն, կարգուեցան, տուն-տեղ եղան, իսկ Թորոսը... կը քաշքշուէր, չէր կարգուեր, բախտ չէր ըլլար,  յարմարը չէր գտներ եւ... եւ... եւ... իսկ հիմա վերջապէս ամուսնացաւ.  այստեղ  «ալ» շաղկապը Թորոսը լռելեայն կը կապէ այսինչին, այդինչին եւ այնինչին, որոնց վրայ կու գայ աւելնալու  ինքը: 

Այսինքն՝ 

--Այսինչը, այդինչը, այնինչը եւ Թորոսը ամուսնացան:

Բերուած օրինակին մէջ եւ շաղկապը փոխարինելի է նաեւ, եւս շաղկապներով՝ նաեւ Թորոսը, Թորոսը եւս...

Նկատենք հետեւեալն ալ. մինչ նաեւ շաղկապը դրինք Թորոսէն առաջ, այսինքն՝ նախադաս կիրարկեցինք, ապա ալ եւ եւս կիրրակեցինք յետադաս:

--Թորոսն ալ կարգեցինք:

--Թորոսը եւս կարգեցինք:

--Նաեւ Թորոսը կարգեցինք:

--Այլեւ Թորոսը կարգեցինք:

Եթէ բաւականաչափ կեդրոնանաք այս օրինակներուն վրայ, ապա պիտի նկատէք ուրիշ բան մըն ալ. ասոնք կ’արտասանուին որոշ շեշտով: Բաղդատենք՝

--Այսինչը, այդինչը, այնինչը եւ Թորոսը կարգուեցան:

--Այսինչը, այդինչը, այնինչը, նա՛եւ Թորոսը կարգուեցան:

Եւ  ու նաեւ շաղկապները նոյն հնչերանգով չարտասանեցինք. նաեւ-ը աւելի կամ պակաս շեշտեցինք:  Եթէ մեր բերանին մօտեցնենք ձայնագիր մեքենայի մը ընկալուչը, ապա պիտի նկատենք, որ սլաքը պաստառին վրայ աւելի պիտի բարձրանայ  նաեւ-ի արտասանութեան առթիւ. սա բոլորովին բնական եւ  ենթագիտակցաբար տեղի ունեցող շեշտ է տուեալ լեզուն գիտցողին համար:

Ծանօթ. – Այս ըսուածները նոյնն են օտար  լեզուներու՝ անգլերէնի (also), ֆրանսերէնի (aussi), իտալերէնի (ànche) եւ... չինարէնի համար  եւս. ան համամարդկային է:

Այս շեշտը կը թարգմանէ համադասական ինքնուրոյն  կացութիւն մը: 

                                  *   *   *

2. Առնենք հետեւեալ նախադասութիւնը. 

--«Մեր բոլոր հայրենակիցները յօժարեցան մասնակցիլ. նա՛եւ Թորոսը»:

Խօսողին ու խօսակիցին համար կայ  կացութիւն մը, որուն  անոնք երկուստեք  տեղեակ են. օրինակ սապիսի  բան մը՝ բոլորը օրին կամ ժամանակին յօժարած էին ինչ-որ բանի մը, սակայն Թորոսը չէր յօժարած, իր հաւանութիւնը չէր տուած, ինչ-ինչ պատճառներով ան ձեռնպահ կը մնար,  կը մերժէր, կը տնտնար, բայց ահա հիմա, վերջապէ՜ս, միտքը փոխեց եւ իր կարգին յօժարեցաւ: Այս կամ նման կացութիւն մը կը թելադրէ  նաեւ-ը:

Այլ խօսքով՝ նաեւ-ով կ’առանձնացնեմ, կ’արժեւորեմ, լուսարձակի տակ կ’առնեմ համադասութեան  մէկ իւրայատուկ անդամը, որ այստեղ  Թորոսն է՝ իր յօժարումով:

Եւ այս  իւրայատկութիւնն ալ պատճառ կը դառնայ շեշտին :

Նկատենք, որ շեշտը կը դրուի՝

--Այլեւ-ին եւ նաեւ-ին  ուղղակի վրան. նա՛եւ Թորոսը, այլե՛ւ Մարկոսը:

Ծանօթ.− Բացառուած չէ նաեւ-ին նախադաս կիրարկութիւնը. օրինակ՝ «Հաւաքոյթին մասնակցեցաւ Թորո՛սը նաեւ»,− եւ այս պարագային շեշտը կ’իյնայ Թորոս-ին վրայ:

--Եւս-ի եւ ալ-ի պարագային ան կը դրուի շեշտուող բառին վրայ. Թորո՛սը եւս, Մարկո՛սն ալ:

Ծանօթ.− Բացառուած չէ եւս-ին նախադաս կիրարկութիւնը . օրինակ՝ «Հինգ հատ ստացանք, կը փափաքինք ունենալ ե՛ւս երկու հատ»,− ուր շեշտը կ’անցնի եւս-ին:

Մեր սերտած շաղկապները կը կոչուին  «համադասական յաւելական շաղկապ»:

Մնացեալները՝ ներհակական, տրոհական եւ բացայայտման շաղկապներ են: 

Սերտուած  չորսին կը յարին նաեւ հետեւեալները՝  մանաւանդ, նոյնպէս-նոյնպէս եւ,  ինչպէս-ինչպէս եւ-ինչպէս նաեւ. եւ երկու գրաբարէն վերապրած՝ ընդսմին, ընդորում բառերը:

Այս վերջինները, որոնք գրեթէ հաւասարապէս կրնան փոխարինել  զիրար, ինչպէս նախորդ չորսը,  շեշտազուրկ են:

--Թորոսը, Մարկոսը, Կիրակոսը  յաջողեցան, նոյնպէս   Մարտիրոսը:

--Այցելեցինք այլազան հնութիւններ,  ընդորում Պաալպեքի բերդը: 

                                                                                     Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com

 

 

1-Ալ-ը գրաբարեան այլ-ն է, որ միշտ նախադաս կը կիրրակուէր: Աշխարհաբարի մէջ ան եղաւ ալ եւ  միայն յետադաս կը կիրարկուի:   Ունինք նաեւ ա՛լ՝ շեշտուած մակբայը. «Ա՛լ մի երգեր»:

2-Բախտ, բարեբախտութիւն, բարեմաղթութիւն