image

«Տարածքներ խաղաղութեան դիմաց բանաձեւը անընդունելի է» Վարչապետ Փաշինեան

«Տարածքներ խաղաղութեան դիմաց բանաձեւը անընդունելի է» Վարչապետ Փաշինեան

Տարածքներ խաղաղութեան դիմաց բանաձեւը անընդունելի է հայկական կողմի համար։ Իր այսօրուան տեսաուղերձին մէջ ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ան նախ յիշեցուց, որ հայկական բանակի 2.5 տարուան վերազինումէն ետք տեղի ունեցան 2020–ի յուլիսեան դէպքերը` Տաւուշի մարզի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը։

«Յուլիսեան մարտերը ապացուցեցին շատերուն համար անսպասելին. Ատրպէյճանն ի վիճակի չէ ռազմական ճանապարհով լուծելու Ղարաբաղի հարցը»,– ըսաւ Փաշինեանը։

ՀՀ վարչապետը յիշեցուց, որ անկէ ետք սկսան լայնածաւալ թուրք–ատրպէյճանական զօրավարժութիւններ, որոնք աւարտեցան 27 սեպտեմբերին Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ լայնածաւալ յարձակմամբ։

Թուրքիան սկսաւ հրապարակայնօրէն սպառնալ Հայաստանին ու վարձկան ահաբեկիչներ մատակարարել Ատրպէյճանին։ Իրավիճակի ներկայիս զսպման համար, ըստ Փաշինեանի, անհրաժեշտ են ռազմավարական զսպման միջոցներ։

«Բայց ռազմավարական զսպման հնարաւորութիւններ ունեցող շարք մը երկիրներ պատշաճ չգնահատեցին վտանգը` հարցը շարունակելով դիտարկել միայն Ղարաբաղի հակամարտութեան ծիրէն ներս եւ համարելով, որ տարածքներ խաղաղութեան դիմաց բանաձեւն է, որ կրնայ փրկել իրադրութիւնը»,– ըսաւ Փաշինեանը։

ՀՀ վարչապետը յայտարարեց, որ այս տարբերակն անընդունելի է հայկական կողմի համար ու շատ նման է 1938–ի Միւնխէնի համաձայնութեան, երբ իբր յանուն խաղաղութեան եւրոպական շարք մը երկիրներ Գերմանիոյ մէջ զիջեցան Չեխոսլովաքիան։

«Թէ ինչ եղաւ յետոյ, գիտէք բոլորդ։ Արդեօք աշխարհը թոյլ պիտի տայ նոր Հիթլերի մը ձեւաւորումը այս անգամ Փոքր Ասիոյ մէջ»,– հռետորական հարց յղեց Փաշինեանը։