«Հոգիս քիչ-քիչ կը թաղուի անուրջին մէջ այս չքնաղ»
Մ. ՄԵԾԱՐԵՆՑ – «Կիրակմուտք»
Յարութին հոգին այն հոգին էր, որ սիրուած էր բոլորին կողմէ, բայց քիչ-քիչ մաշեցաւ ու թաղուեցաւ` իր արդէն կերտած ու տակաւին իրականացնելիք երազանքներուն տակ:
40 օրեր առաջ Յարութ Ադամ Սահակեանին հրաժեշտ տուինք կիրակմուտին: Համալսարանական ուսման տէր Յարութը վկայուած էր համակարգչային գիտութեան մէջ եւ առեւտուրի կառավարման մագիստրոսականի արժանացած էր: Ան կը գործէր այս ոլորտներուն մէջ: Անսակարկ նուիրում ու սէր ունէր իր ընտանիքին հանդէպ, առաքինի ընկեր էր մարդուն, խառնուածքով` մեղմ, հանդարտ, պարկեշտ, բարի ու ինքնամփոփ, կարողութեամբ` նուիրեալ ու աշխատասէր, լուսատենչ էր կեանքի հանդէպ եւ կեանքը վայելել կը սիրէր:
Սիրելի՛ Յարութ,
Կեանքիդ ընթացքին սիրուած էիր ընտանիքիդ անդամներէն, հարազատներէդ, բարեկամներէդ ու գործակիցներէդ: Միայն դրական մթնոլորտ կը ստեղծէիր անձիդ շուրջ: Թէեւ գիտակից էիր անբուժելի քու վէրքիդ, բայց չէիր յուսահատեր: Թէեւ ցաւիդ գագաթնակէտին հասած էիր, բայց ցաւդ չէիր զգացներ շուրջիններուդ:
Բարձր միտքդ, տաղանդդ ու կարողութիւնդ ասպարէզիդ մէջ մղեցին քեզ, որ գործես եւ գնահատուիս բարձրորակ հաստատութիւններու մէջ, հիմնադրես քու հաստատութիւնդ եւ դասախօսես ու տարածես գիտելիքներդ` համալսարանականներու ու ապագայ սերունդներուն:
Յարո՛ւթ, դուն աննման կեանքի ընկեր, ջերմ սիրոյ աշխարհ ու խորհրդակից եղար կնոջդ` Անիթային. բծախնդիր, լիովին ներգրաւուած եւ սիրալիր ու հոգատար հայր եղար Հայարիին ու Սոնիային. մօտիկ, մտերիմ, ու նեցուկ կանգնող եղբայր` Հուրիին. եւ կատարեալ զաւակ` ծնողքիդ ու Անիթային ծնողքին: Անոնք աննեցուկ ու անօգնական կը զգան չնախատեսուած մահուանդ դիմաց: Անոնք կը զգան ինչպէս քու երկրորդական տարիներու ուսուցչուհիդ` Մարինա Ներսէսեանը, պատշաճօրէն արտայայտած է քեզի նուիրուած անգլերէնով քերթուածի մը մէջ`
«Անոր ժամանակը չէր
Ետեւ ձգել
Անոնց, որոնք կը սիրէին զինք:
Սաստի՛կ դաժան է…
[…]
Ես…
Ես չեմ գիտեր ինչպէս զգամ
Ինչ զգամ
Պարզապէս չեմ գիտեր»:
Այս զգացումներով ու մտորումներով ընտանիքի անդամներդ կը սորվին ապրիլ քու բացակայութեանդ ու կը դիմադրեն ամայութիւնը իրենց սրտերուն ու կեանքերուն:
Այո՛, կեանքը դիւրաբեկ է, սակայն դուն իրենց նաեւ սորվեցուցիր քաջ ու տոկուն ըլլալ այս դաժան իրականութեան առջեւ: Դուն աւանդեցիր դէպի ներս նայիլ, սիրել իրենց անձերը եւ չմոռնալ իրենց երազանքներն ու ցանկութիւնները` ասոնց մէջ ըլլալով քու երազանքներդ Հայարիին ու Սոնիային համար:
Դեկտեմբեր 2021-ին, երբ ձեր տունը այցելութեան եկած էինք, կը յիշեմ` ինչպէս ընդգծեցիր, թէ կը փափաքիս զաւակներդ շարունակեն, ամէն ինչէ առաջ, իրենց համալսարանական ուսումը: Կը վստահեցնեմ քեզ, որ փափաքդ, կամ աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ կոչել` նպատակդ, պիտի իրականանայ:
Յարո՛ւթ, Լիբանանի շարունակուող ընկերատնտեսական ճգնաժամային պայմաններուն մէջ Անիթային հետ օժանդակեցիր ու նեցուկ դարձար նպաստընկալ դպրոցական աշակերտներու: Այս ներդրումդ ոչ միայն ապացոյցներէն մին է քու մեծահոգի ու բարեսիրտ նկարագիրիդ, այլ նաեւ անուղղակիօրէն ողջ պիտի պահէ քու պայծառ կտակդ:
Ափսո՜ս, Յարո՛ւթ, որ երիտասարդ տարիքիդ բաժնուեցար մեզմէ: Յիշատակներն ու անկորուստ պահերը, որ անցուցինք հետդ միշտ վառ եւ հաստատ պիտի մնան մեր միտքերուն ու սրտերուն մէջ:
Ցտեսութիւն` մինչեւ յաջորդ հանդիպում: Չքնաղ երազանքներդ այս ցաւ աշխարհին մէջ պիտի շարունակեն կողակիցդ ու զաւակներդ:
Լոյս` քու սիրով լի հոգւոյդ, Յարո՛ւթ: Խաղաղութեամբ ննջէ մօրդ կից, որուն միանալու մխիթարութեամբ բաժնուեցար մեզմէ:
Հրակ Ոսկերիչեան
Պէյրութ, 14 յունիս 2023
«Ազդակ»