image

Յարութ, դուն աննման ընկեր

 Յարութ,  դուն աննման ընկեր

«Հոգիս քիչ-քիչ կը թաղուի անուրջին մէջ այս չքնաղ»
Մ. ՄԵԾԱՐԵՆՑ – «Կիրակմուտք»

Յարութին հոգին այն հոգին էր, որ սիրուած էր բոլորին կողմէ, բայց քիչ-քիչ մաշեցաւ ու թաղուեցաւ` իր արդէն կերտած ու տակաւին իրականացնելիք երազանքներուն տակ:

40 օրեր առաջ Յարութ Ադամ Սահակեանին հրաժեշտ տուինք կիրակմուտին: Համալսարանական ուսման տէր Յարութը վկայուած էր համակարգչային գիտութեան մէջ եւ առեւտուրի կառավարման մագիստրոսականի արժանացած էր: Ան կը գործէր այս ոլորտներուն մէջ: Անսակարկ նուիրում ու սէր ունէր իր ընտանիքին հանդէպ, առաքինի ընկեր էր մարդուն, խառնուածքով` մեղմ, հանդարտ, պարկեշտ, բարի ու ինքնամփոփ,  կարողութեամբ` նուիրեալ ու աշխատասէր, լուսատենչ էր կեանքի հանդէպ եւ կեանքը վայելել կը սիրէր:

Սիրելի՛ Յարութ,

Կեանքիդ ընթացքին սիրուած էիր ընտանիքիդ անդամներէն, հարազատներէդ, բարեկամներէդ ու գործակիցներէդ: Միայն դրական մթնոլորտ կը ստեղծէիր անձիդ շուրջ: Թէեւ գիտակից էիր անբուժելի քու վէրքիդ, բայց չէիր յուսահատեր: Թէեւ ցաւիդ գագաթնակէտին հասած էիր, բայց ցաւդ չէիր զգացներ շուրջիններուդ:

Բարձր միտքդ, տաղանդդ ու կարողութիւնդ ասպարէզիդ մէջ մղեցին քեզ, որ գործես եւ գնահատուիս բարձրորակ հաստատութիւններու մէջ, հիմնադրես քու հաստատութիւնդ եւ դասախօսես ու տարածես գիտելիքներդ` համալսարանականներու ու ապագայ սերունդներուն:

Յարո՛ւթ, դուն աննման կեանքի ընկեր, ջերմ սիրոյ աշխարհ ու խորհրդակից եղար կնոջդ` Անիթային. բծախնդիր, լիովին ներգրաւուած եւ սիրալիր ու հոգատար հայր եղար Հայարիին ու Սոնիային. մօտիկ, մտերիմ, ու նեցուկ կանգնող եղբայր` Հուրիին. եւ կատարեալ զաւակ` ծնողքիդ ու Անիթային ծնողքին: Անոնք աննեցուկ ու անօգնական կը զգան չնախատեսուած մահուանդ դիմաց: Անոնք կը զգան ինչպէս քու երկրորդական տարիներու ուսուցչուհիդ` Մարինա Ներսէսեանը, պատշաճօրէն արտայայտած է քեզի նուիրուած անգլերէնով քերթուածի մը մէջ`

«Անոր ժամանակը չէր

Ետեւ ձգել

Անոնց, որոնք կը սիրէին զինք:

Սաստի՛կ դաժան է…

[…]

Ես…

Ես չեմ գիտեր ինչպէս զգամ

Ինչ զգամ

Պարզապէս չեմ գիտեր»:

Այս զգացումներով ու մտորումներով ընտանիքի անդամներդ կը սորվին ապրիլ քու բացակայութեանդ ու կը դիմադրեն ամայութիւնը իրենց սրտերուն ու կեանքերուն:

Այո՛, կեանքը դիւրաբեկ է, սակայն դուն իրենց նաեւ սորվեցուցիր քաջ ու տոկուն ըլլալ այս դաժան իրականութեան առջեւ: Դուն աւանդեցիր դէպի ներս նայիլ, սիրել իրենց անձերը եւ չմոռնալ իրենց երազանքներն ու ցանկութիւնները` ասոնց մէջ ըլլալով քու երազանքներդ Հայարիին ու Սոնիային համար:

Դեկտեմբեր 2021-ին, երբ ձեր տունը այցելութեան եկած էինք, կը յիշեմ` ինչպէս ընդգծեցիր, թէ կը փափաքիս զաւակներդ շարունակեն, ամէն ինչէ առաջ, իրենց համալսարանական ուսումը: Կը վստահեցնեմ քեզ, որ փափաքդ, կամ աւելի ճիշդ կ՛ըլլայ կոչել` նպատակդ, պիտի իրականանայ:

Յարո՛ւթ, Լիբանանի շարունակուող ընկերատնտեսական ճգնաժամային պայմաններուն մէջ Անիթային հետ օժանդակեցիր ու նեցուկ դարձար նպաստընկալ դպրոցական աշակերտներու: Այս ներդրումդ ոչ միայն ապացոյցներէն մին է քու մեծահոգի ու բարեսիրտ նկարագիրիդ, այլ նաեւ անուղղակիօրէն ողջ պիտի պահէ քու պայծառ կտակդ:

Ափսո՜ս, Յարո՛ւթ, որ երիտասարդ տարիքիդ բաժնուեցար մեզմէ: Յիշատակներն ու անկորուստ պահերը, որ անցուցինք հետդ միշտ վառ եւ հաստատ պիտի մնան մեր միտքերուն ու սրտերուն մէջ:

Ցտեսութիւն` մինչեւ յաջորդ հանդիպում: Չքնաղ երազանքներդ այս ցաւ աշխարհին մէջ պիտի շարունակեն կողակիցդ ու զաւակներդ:

Լոյս` քու սիրով լի հոգւոյդ, Յարո՛ւթ: Խաղաղութեամբ ննջէ մօրդ կից, որուն միանալու մխիթարութեամբ բաժնուեցար մեզմէ:

 

Հրակ Ոսկերիչեան

Պէյրութ, 14 յունիս 2023

«Ազդակ»