image

Աննման հայրիկիս. Գրեց Շողեր Գառնէշեան- Մխճեան

Աննման հայրիկիս. Գրեց Շողեր Գառնէշեան- Մխճեան

Լիբանանահայ (արմատներով՝ Մուսալեռցի) մեր հայրենակցուհի՝ Շողեր Գառնէշեան- Մխճեան օրերս դիմատետրի իր էջով գրառում մը կատարած է իր հօր, մեզմէ օրեր առաջ առյաւէտ բաժնուած, բարի մարդու իսկական կերպար հանդիսացած Պետրոս Գառնէշեանի յիշատակին։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք բազում իմաստներով սրտառուչ եւ ուսանելի գրութիւնը։

Ամէն բան նոյնն է...

Բոլորը ներկայ են:

Միակ բացական դուն ես....

Ինչպէ՞ս կրնաս բացակայ ըլլալ, երբ դուն միշտ ներկայ էիր:

Ներկայ՝ մեր բոլոր խօսակցութիւններուն, կատակներուն, վէճերուն, ուրախութիւններուն, մտահոգութիւններուն, ցաւերուն, երազներուն, ձախողութիւններուն, տառապանքներուն, նուաճումներուն....

Առաջին անգամն ըլլալով «Հայրերու Տօնին» ներկայ չէիր...

Գիտնալով հանդերձ որ քեզի համար երբեք կարեւոր չէին` ո՛չ փառաբանանքը եւ ո՛չ ալ գովասանքը, բայց կ՛ուզէի անպայման քեզի շնորհակալութիւն յայտնել...

Շնորհակալութիւն յայտնել ու փաթթուիլ վզիդ, այնպէս ինչպէս կ՛ընէի երբ քեզ հանդիպէի...

Սակայն չեմ գիտեր, ինչ պատահեցաւ ինծի...

Այդ ընելու փոխարէն, այլ վիճակի մէջ յայտնուեցայ:

Համեստութիւն խաղալ չէի ուզեր, աւելիին պահանջքը կը զգայի:

Քիչ մը մեղանչեցի եւ բնաւ ալ չկրցայ համակերպիլ բացակայութեանդ: 

Ամենուրէք նշուող հայրերու տօնին քեզ չգտայ, բայց փորձեցի չվհատիլ:

Կարծեմ ճար մըն ալ գտայ:

Մտածեցի, որ բացակայութիւնդ «ծածկելու» համար, կրնայի ինքզինքս սնանել լիբանանեան հռետորաբանութեամբ եւ «հայրս հօրմէդ զօրաւոր է» "بيي أقوى من بيّك” ՝ ըսելով եւ խելքս ալ պզտիկցնելով չափուիլ ասոր անոր հետ...

Մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ըլլալու իրողութիւնը լեղի ըմպելիքի մը նման կուլ տուի, բայց ըսի ի՜նչ փոյթ վստահ եմ որ մեզի իր յիշատակը վառ պահող մեծ «ժառանգութիւն» մը ձգած ըլլալու է:

Անմիջապէս գացի եւ ունեցուածքդ փորփրեցի բայց հոն համալսարանական բարձր վկայականներ չգտայ, այլ պարզապէս հոն հասկացողութիւն ու ներողամտութիւն գտայ:

Չբաւարարուելով, աւելի խորերը թափանցելով արժէքաւոր գոհարեղէններ չգտայ, այլ քով-քովի շարուած կեանքի ու ընտանիքի հանդէպ անյագ սէր եւ անձնուիրութիւն գտայ:

«Բայց անպայման բան մը ձգած պէտք է ըլլայ» ըսելով փնտռտուքս շարունակեցի եւ նիւթեղէն հարստութեան եւ կալուածագիրերու փոխարէն հոն գտայ հայրենասիրութիւն, ընկերասիրութիւն եւ համեստութիւն....

Ի՞նչ պիտի ընեմ ասոնք ըսելով... սթափեցա՛յ:

Պատմածներս երբեք ալ հեքեաթ չէին, այլ իրականութիւն անձի մը մասին, որ իսկապէս ապրեցաւ իր ընտանիքին եւ իր գիւղին համար եւ մինչեւ իր կեանքի վերջին շունչը տառապեցաւ Հայաստանեան եւ Արցախեան իրավիճակով:

Ան եղաւ մարմնացումը՝ Վահան Թէքէեանի՝

«Հաշուեյարդար» -ին. ի՞նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.

Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինակ. ա՛յն միայն.

Սիրելի հայրիկս՝

Միշտ հպարտ պիտի ըլլամ քեզմով՝ այնպէս ինչպէս դուն էիր մեզմով հաւասարապէս:

Հակառակ մեր ունեցած տարբերութիւններուն, դուն եւ ես ունէինք շատ մը նմանութիւններ եւ բնաւորութեան հասարակաց կէտեր, որոնցմէ ամէնէն ցայտունը առաջին իսկ վայրկեանէն «մարդը» լաւապէս ճանչնալու մեր հմտութիւնն է: Աստուածատուր շնորհքով մը շուտով կրնայինք տարբերակել անկեղծը-կեղծաւորէն:

Հակառակ համեստ պայմաններուդ ոչինչ խնայեցիր մեզի համար, միշտ ըլլալով բոլորիս հասնող ծառայասէր եւ հոգատար հայրը:

Անկեղծ եւ արդար էիր միշտ:

Մեզ՝ երեքիս միջեւ ոչ մէկ տարբերութիւն կը դնէիր: Քեզի համար աղջիկ-տղայ տափակ խտրականութիւն երբեք գոյութիւն չունէր: Ունեցուածքդ ամբողջ, հաւասարապէս մեր միջեւ բաժնեցիր, որպէսզի հանգիստ մտքով մեկնիս այս աշխարհէն:

Սրամիտ կատակներու սիրահար էիր:

Որու՞ հետ պիտի կիսեմ, այն ծիաղելի փոսթերը, որոնք մեծ խանդավառութեամբ կը վայելէինք միասնաբար:

Շնորհակալութիւն քեզի իմ «բարի հայրիկ»...

Յիշատակդ անթառամ սիրելի Պետօ:

Ննջէ՛ խաղաղ...

2017-ի Մայիսին էր երբ ընկերուհիիս հետ ծրագրած էինք Հայաստան մեր այցելութենէն օգտուելով՝ քանի մը օր մեկնիլ նաեւ Ջաւախք եւ Թիֆլիս:

Բաւական խանդավառ էի, որ արդէն սովորութեան վերածուած եւ ամէն տարի անպայմանօրէն տեղի ունեցող «Հայասատանագնացութիւնս», այս անգամ բոլորովին տարբեր նորութիւն մը պիտի պարունակէր եւ կտրելով մեր «Երկրի» սահմանը, քայլերս պիտի անցնէին անկէ անդին՝ դէպի Վրաստան:

Ինչ մեղքս պահեմ. Ուրախութեանս չափ ալ սիրտս մտահոգութեամբ լեցուած էր, քանի որ անոր խորերէն ականջիս կու գար զգուշաւորութեան ձայն մը՝ որ զիս ձեւով մը կը վանէր Վրաստանը իբրեւ զբօսաշրջութեան «անմեղ» նպատակակէտ մը ընկալելու միտքէն եւ կը փորձէր յիշեցնել հայերուս հանդէպ, Վրաստանի ոչ նպաստաւոր քաղաքականութիւնը, որ դարերու խորքէն կու գար:

Զիս փրկողը սակայն այս պարագային եղաւ Ջաւախքը՝ «Հայկական Ջաւախքը», ուր եւս այցելելու մեր մտադրութիւնը ձեւով մը կը մեղմացնէր «յանցանքս» ու կը կանգնեցնէր դէպի գլուխս խուժող քաղաքական դասերու այդ կծու հարուածը: Եւ այդպէս՝ եղբօրս կարգադրութեամբ հայաստանցի վստահելի ու Արցախեան առաջին գոյամարտի մասնակից «խենթերէն» մէկուն ուղեկցութեամբ ընթացք առաւ Երեւանէն դէպի Ջաւախք ու ապա Թիֆլիս մեր ճանապարհորդութիւնը....

Նշած ծանօթագրութիւններէս ետք բոլորդ ալ կրնաք պատկերացնել թէ ինչպիսի մթնոլորտ մը կրնար տիրած ըլլալ մեր ինքնաշարժին մէջ:

Պատմութիւնը չեմ ուզեր երկարել, բայց կարեւոր կէտ մը մատնանշելու համար պէտք է խոստովանիմ, որ ես՝ երաժշտասէր մեր տան մէջ համեմատաբար «ոչ ձայնաւորներու» փաղանգին կը պատկանիմ եւ հազուադէպօրէն ձայնս բարձրաձայն կը ձգեմ ու կ՛երգեմ:

Բայց այդ օրը տարբեր էր....

Չեմ գիտեր ի՛նչ պատահած էր ինծի, որ այդ օրը, Հայաստանեան հրաշագեղ ու գեղատեսիլ բնութեան գիրկը՝ կանաչապատ լեռները ճեղքած ատեն՝ անկաշկանդ կերպով ձայնս կը փչէի եւ միայն հօրս ամէնէն սիրած երգերէն՝ «Հայաստանից եկած զինուոր...» երգն էր որ կ՛երգէի...

Հայրս ոչ միայն այդ երգը կը սիրէր, այլ հրաշալի կերպով զայն կը մեկնաբանէր:

Մտովի անդադար ես ինծի հարց կու տայի՝ «ինչո՞ւ այս երգը...»

Նոյն օրը հայրս Այնճարի մէջ (Լիբանան) սրտի տագնապի հետեւանքով հիւանդանոց կը փոխադրուի. Երկու օր համապատասխան բուժման ենթարկուելէ ետք տուն կը վերադառնայ բնական վիճակի մէջ: Երկու օր ետք գիշերը ուշ ժամու ուղեղի կաթուած կ՛անցնէ: Ձախ կողմով կ՛անդամալուծուի, սակայն գիտակցութիւնը եւ յիշողութիւնը երբեք չի կորսնցներ:

Ամբողջ եօթը տարի ան մնաց այդ վիճակին մէջ: Ան թէեւ տառապեցաւ ֆիզիքական որոշ դժուարութիւններէ, սակայն ընդհանրապէս ունեցաւ առողջական կայուն վիճակ: Ամբողջ այդ ժամանակահատուածին ան արժանացաւ իր երկու տղաներուն հոգատարութեան եւ մեր բոլորին նեցուկին...

Մահը սակայն ուղղակի անսպասելի էր, որովհետեւ ան երբեք ալ «մահացու» հիւանդ չէր...

Երեւի մեր մխիթարանքն ալ պիտի ըլլայ բժիշկին տուած վկայութիւնը, թէ՝ ան «մեռաւ ուրախութենէն»...

Շնորհակալութիւն մեր բոլոր բարեկամներուն, ընկերներուն, ծանօթներուն եւ հարազատներուն, որոնք անձամբ, հեռաձայնով եւ ընկերային ցանցերով մասնակից դարձան եւ ցաւակցեցան հօրս մահուան սուգին...

Ողջ մնաք բոլորդ...