image

Տ. Դաւիթ Արք. Սահակեանի Յիշատակին. Սերոբ Սահակեան

Տ.  Դաւիթ  Արք.  Սահակեանի  Յիշատակին. Սերոբ  Սահակեան

Սաղիմահայ Սերոբ Սահակեան  կը գրէ.

Դաւիթ արքեպիսկոպոս Սահակեան, Սեբաստիա քաղաքէ տեղահանուած Սահակեան գերդաստանի ամենէն տարեցը ոչ եւս է: Ան ալ գնաց միանալու իրմէ շատ աւելին երիտասարդ մահացած եղբօր Վահէի ,հազիւ յիսուն տարու ապա իրմէ աւելի տարեց քոյրերուն թէ եղբայրներուն , վերջապէս 1922 թուին սուրբ երկիր ապաստանած Տէր եւ տիկին Յակոբ  եւ Ազնիւ  Սահակեան ամոլի վերջին զաւակը  աւարտեց իր երկրային դերը:Դաւիթ սրբազան հօրեղբայրս, հակառակ որ իր կեանքի մեծ մասն հեռու է գտնուած մեզմէ այլ խօսքով Երուսաղէմէ ,այնուհետեւ ան եղած է իմ կեանքի թէ մեր կեանքի մեծ ներկան, քանզի անոր հետաքրքրութիւնը միշտ ալ եղած է ընտանիքը, պարագաները,  բարեկամներն  ու հայ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ , չմոռանամ ըսելու  Պատրիարքութիւնը, որպէս տուն ծննդավայր: 1957-ին  Հազիւ թէ ձեռնադրուած աբեղայ, վախճանեալ Տիրան Արք. Ներսոեանի ձեռամբ ՛ ան ծառայութեան   գործուղուած   է Յորդանան, ապա Իրաք, աւելի ուշ  Հնդկաստան կրկին Երուսաղէմ ապա Լիոն Ֆրանսա, ուր կը պաշտօնավարէ մինչեւ 1978 թուական : Շրջան մը եւրոպայի շատ մը գաղութներու  մէջ ծառայութիւններ  կատարելէ ետք, ան որպէս Հարաւային Ամերիկայի կաթողիկոսական պատուիրակ կ'ուղեւորուի Պուէնոս Այրէս , ուրառողջական պայմանների բերումով կը հրաժարի ու կը վերադառնայ սուրբ Աթոռ, կարծես այլեւս վերջնական խարսխելու միտումով: 1990- ին  Սրբազան հայրը  կ'ընտրուի  Երուսաղէմի Պատրիարքութեան լուսարարապետ , այնուհետեւ օրուան պատրիարքի հետ ծայր առած վէճերուն  բերումով այդ պաշտօնէն կը հրաժարի ու  կը մեկնի Մայր  Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ստանձնելու Մայր աթոռի արտաքին յարաբերական հարցերու  գրասենեակը,  որը կը վարէ մեծ սիրով ու կարողականութեամբ նկատի առնելով իր 6 լեզուներու հմտութիւնը, եւ  թէ եկեղեցական ու աստուածաբանական հարցերոպ   խոր իմացութիւնը:

Այսուամենայնիւ ճակատագիրն տարբեր օրեր էր սահմանած Սրբազան  հոր ու հայրենի հողի վրայ իր ծառայութիւնը դժբախտաբար կարճ  էր տեւելու ու Ֆրանսայի մէջ կատարուած բժշկական քննութիւն մը որ բացայայտած էր բաւականին լուրջ երիկամային թէ լեարդային խանգարումներու մասին, որոնց հետեւանքով  ան վերջնականապէս   կը հաստատուի ՝ Լիոն:

Վերջին 12 տարիներու ընթացքին տարաբախտ սրբազանի առօրեան կը սկսէր բժիշկի այցով ու անմիջապէս «տիալիզով»:

Իմ ճանչցած Դաւիթ սրբազանը բարի մարդ  էր, ազնիւ էր, մարդասէր էր անկասկած:

Դաւիթ  Սրբազան  հողը թեթեւ գայ  վրադ: