Երկրորդ անգամ ըլլալով Տ. Բաբգէն արք. Չարեան Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած փակ ժողովի ընթացքին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի (Անթիլիասական) Ազգային Երեսփոխանական ժողովը Տ. Բաբգէն արք. Չարեանը երկրորդ անգամ ըլլալով ընտրած է Թեմի Առաջնորդ։
Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորէ Գանատայի մեր պաշտօնակից ՝ «Հորիզոն»ը։
Աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ ժողովը նոյնպէս ընտրած է Թեմի Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան 2020-2021 տարեշրջանի կազմերու ընտրութեան եւ վերընտրութեան օրակարգին։
Աղբիւրը մասնաւորապէս գրած է ՝«Կրօնական Ժողովի անդամ ընտրուեցան՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանն ու Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանը: Իսկ Ազգային Վարչութեան լրացուցիչ ընտրութենէն ետք, յառաջիկայ տարուան համար կազմը կը ներկայացնեն՝ Օրդ. Թալին Ապրագեան, Տիկին Արփի Աշքարեան, Պրն. Համբիկ Գարայեան, Պրն. Յակոբ Ճանպազեան, Պրն. Նազար Չաթալեան, Պրն. Նորայր Պէզճեան, Տիկին Աննա Պուլկարեան, Պրն. Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Տիկին Մարիա Քէօսէյեան:
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ Թեմակալ Առաջնորդի ընտրութիւնը։ Ժողովը ծանօթացաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ տրամադրուած եռանուն ցանկին եւ ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ վերընտրեց Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը՝ պաշտօնավարութեան 2-րդ քառամեակի մը համար։
Նստաշրջանի փակման խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը։ Ան առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, գնահատեց դիւանին ու ժողովականներու աշխատանքը, վաստակը՝ շրջանաւարտ կազմերուն, շնորհաւորեց նոր ընտրեալ կազմերը, գոհունակութիւն արտայայտեց յանձնառու կեցուածքներուն համար, եւ յոյս ու վստահութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ քայլերը պիտի իրագործուին հաւատքով ու Աստուծոյ կամքով: Ան շեշտեց, որ Ազգային Առաջնորդարանը իր լայնածաւալ ծրագիրներով կը գործէ ու պիտի գործէ ի խնդիր համայնքներու հզօրացման եւ առ հասարակ մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար եւ ընդհանրական շահերու իրագործման հեռանկարով»։