Սուտանի մէջ բանակի եւ արագ արձագանգման ուժերու (յատուկ ջոկատներու) բախումներու հետեւանքով զոհուած խաղաղ բնակիչներու թիւը հասած է 425-ի, տուժած է 2091 մարդ։
Այս մասին կիրակի յայտնած է Սուտանի բժիշկներու կոմիտէն, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։
«Բախումներու սկիզբէն ի վեր զոհուած խաղաղ բնակիչներու թիւը հասած է 425-ի, վիրաւորներինը՝ 2091-ի», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Բժիշկները յայտնած են նաեւ, որ հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր ռմբակոծուած է 16 հիւանդանոց։