image

Սուտանի պատերազմը կը շարունակուի. Զոհերու թիւը կը մօտենայ 500-ի

Սուտանի  պատերազմը կը շարունակուի. Զոհերու թիւը  կը մօտենայ 500-ի

Սուտանի մէջ բանակի եւ արագ արձագանգման ուժերու (յատուկ ջոկատներու) բախումներու հետեւանքով զոհուած խաղաղ բնակիչներու թիւը հասած է 425-ի, տուժած է 2091 մարդ։

Այս մասին կիրակի յայտնած է Սուտանի բժիշկներու կոմիտէն, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։

«Բախումներու սկիզբէն ի վեր զոհուած խաղաղ բնակիչներու թիւը հասած է 425-ի, վիրաւորներինը՝ 2091-ի», -ըսուած է  հաղորդագրութեան մէջ:

Բժիշկները յայտնած են նաեւ, որ հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր ռմբակոծուած է 16 հիւանդանոց։