Քիեւի գլխաւոր նպատակը Ռուսիոյ տնտեսութիւնը տկարացնելն է, սակայն Իրանի դէմ պատերազմը կը խոչընդոտէ ատոր, քանի որ Մոսկուան կ՚օգտուի հակամարտութենէն։ Այս մասին յայտարարած է Վլատիմիր Զելենսքին՝ Associated Press-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
Անոր խօսքով՝ Ռուսիան տնտեսապէս կը շահի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմէն, քանի որ ԱՄՆ-ը մեղմացուցած է Մոսկուայի դէմ նաւթային պատժամիջոցները։
«Ասիկա լրացուցիչ գումար կու տայ Ռուսիոյ, հետեւաբար՝ այո, անոնք կը շահին»,– ըսած է ան։