image

Սուտանի հիւանդանոցներէն մէկուն անօդաչու թռչող սարքի հարուածէն աւելի քան 70 մարդ զոհուած է

Սուտանի հիւանդանոցներէն մէկուն անօդաչու թռչող սարքի հարուածէն աւելի քան 70 մարդ զոհուած է

Սուտանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, անօդաչու թռչող սարքի հարուածի հետեւանքով, աւելի քան 70 մարդ զոհուած է, ՌԻԱ Նովոսթի-ի հաղորդմամբ յայտնած է  Տարֆուրի նահանգապետ Մինի Արքօ Մինաւի։

Նշենք, որ 15 ապրիլ, 2023-էն ի վեր, Սուտանի մէջ ծանր մարտեր կ'ընթանան «Արագ արձագանգման ուժեր»-ու եւ կանոնաւոր բանակի միջեւ։ «Կարմիր խաչի» միջազգային կոմիտէն յայտարարած է, որ երկրին մէջ շարունակուող պայքարը կրնայ յանգեցնել վարակիչ հիւանդութիւններու բռնկման եւ առողջապահական համակարգի ճակատագրական փլուզման: