Այսօր՝ յուլիս 19-ին, հրդեհ տեղի ունեցած է Կոտայքի մարզին մէջ: Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, ժամը 10:15-ի սահմաններուն ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութեան 9-11 ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Աբովեան քաղաքի 4-րդ Միքրո-շրջան թաղամասի 64 շէնքին մէջ կրակ եւ ծուխ կը նկատուի։
Ժամանած են Աբովեանի հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն 2 մարտական հաշուարկ։
Դէպքի վայր ժամանած է նաեւ Աբովեանի քաղաքպետ Էտուարտ Բաբայեանը:
Քաղաքապետը, հրշէջ-փրկարարներն ու պարեկները նշուած շէնքէն տարհանած են մօտ 100-է աւելի բնակիչներ, այդ շարքին՝ երեխաներ եւ մեծահասակներ, ապա հրշէջները մարած են 5-րդ յարկի ելեկտրական հաշուիչներու մէջ առաջացած կրակը:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ հրդեհի պատճառը եղած է ելեկտրական լարերու թոյլ միացումը: