image

Սուրիոյ մէջ. Վարչապետի նշանակում եւ նոր կառավարութիւն

Սուրիոյ մէջ. Վարչապետի նշանակում եւ  նոր կառավարութիւն

Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը կիրակի վարչապետի պաշտօնին դարձեալ նշանակած է Հուսէյն Արնուսը եւ յանձնարարած անոր ձեւաւորել նոր կառավարութիւն, կը աղորդէ SANA-ն:

 

Հրամանն արձակուած է Ասատի՝ չորրորդ ժամկէտով պաշտօնավարման երդմնակալութենէն ետք: Ասատն ի սկզբանէ Արնուսը նշանակած էր վարչապետի պաշտօնին 2020 թուականի Օգոստոսին՝ պաշտօնէն հեռացնելով Իմատ Խամիսը, երբ Սուրիան բախած էր տնտեսական ճգնաժամի եւ փոխարժէքի անկման հետ:

Նախքան այդ պաշտօնը զբաղցնելը, Արնուսը եղած է ջրային միջոցներու նախարար: