image

Սուրիոյ մէջ կրած պարտութիւններէն ետք «Իսլամական Պետութեան» ղեկավարները դէպի Թուրքիա՞

Սուրիոյ մէջ կրած պարտութիւններէն ետք «Իսլամական Պետութեան» ղեկավարները  դէպի Թուրքիա՞

Սուրիոյ մէջ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակը յայտարարած է, որ հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկացած է, որ «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման շարք մը անդամներ յաջողած են փախուստի դիմել եւ հասնիլ Թուրքիա, կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Գրասենեակն իր պաշտօնական էջին գրած է, որ «Տահէշ»ի Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու քաղաքացի ղեկավարներ անցնող քանի մը օրերուն եւ շաբաթներու ընթացքին կարողացած են Տէր Զօրէն ու Ռաքքայէն տեղափոխուին Թուրքիա, անցնելով «Եփրատի Վահան» խմբաւորման տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններէն:

Ըստ աղբիւրին, «Տահէշ»ի ղեկավարներուն տեղափոխութիւնը իրականացած է 20-30 հազար տոլարի հասնող կաշառքներ վճարելու դիմաց, Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուող «Եփրատի Վահան» խմբաւորման տիրապետութեան տակ գտնուող հողերէն անցնելու համար:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը հաստատած է նաեւ, որ անցնող ամիսներու ընթացքին «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման մեծ թիւով անդամներ եւ ղեկավարներ փախուստի դիմելով ապաստան գտած են նաեւ Հասաքէ (Հասիչէ) նահանգին մէջ, որմէ ետք անհետացած են: