image

Արցախի նախկին ղեկավարները պիտի դատուին Ատրպէյճանի դատարաններուն մէջ. Քիամրան Ալիեւ

Արցախի նախկին ղեկավարները պիտի դատուին Ատրպէյճանի դատարաններուն մէջ. Քիամրան Ալիեւ

Բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարները, որոնք ապօրինաբար կալանաւորուած են Պաքուի մէջ, պիտի դատուին ատրպէյճանական դատարաններու մէջ: Այս մասին յայտնի դարձած է Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քիամրան Ալիեւի յայտարարութենէն՝ եղած գլխաւոր դատախազութեան ընդլայնուած կազմով նիստին:

Աւելի վաղ հաղորդուած է, որ Պաքուի դատարանը 4 ամիսով երկարաձգած է Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի, պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեանի, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի եւ զօրավարներ Լեւոն Մնացականեանի ու Դաւիթ Մանուկեանի բանտառկութեան ժամկէտը:

Կալանքը երկարացնելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան քննչական վարչութիւնը։