Սուրիա- Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքին մէջ յայտնաբերուած է սուրիահայ զինուորական ծառայող Արսէն Պետրոսեանի դիակը: Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Արմէնփրես» իր տեղեկութիւնները ստացած է «Արմինիընզ աֆ Սիրիա» ֆէյսպուքեան էջէն:Նշեալ աղբիւրին համաձայն, Արսէն Պետրոսեան զոհուած է Զուհուր շրջանին մէջ` ISIS ծայրայեղական խմբաւորման կատարած յարձակումի մը ընթացքին: Դէպքը տեղի ունեցած է քանի մը շաբաթ առաջ:Ահաբեկիչներու յանկարծակի յարձակումին ընթացքին Պետրոսեանի դիակը մնացած է այդտեղ եւ յայտնաբերուած է երէկ` շրջանի ազատագրումէն ետք: