image

 Հունգարիան արդէն քանիերորդ անգամ Հայաստանի յատկացուելիք գումարային աջակցութիւնը արգելափակեց 

 Հունգարիան արդէն քանիերորդ անգամ Հայաստանի յատկացուելիք գումարային աջակցութիւնը արգելափակեց 

Եւրոմիութեան (ԵՄ) երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Լիւքսեմպուրկի մէջ կայացած հանդիպումէն ետք անդրադարձած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն, հաղորդած են «Ազատութեան» դիւանագիտական աղբիւրները։

Քննարկման հիմնական թեմաներէն մէկը եղած է Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եւրո յատկացնելու առաջարկը, որ ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլասը ներկայացուցած էր ԵՄ խորհուրդին՝ անցած ամիս։

Սակայն Ատրպէյճանի նախագահի հետ սերտ յարաբերութիւններով յայտնի Հունգարիան, օգտուելով վեթոյի իր իրաւունքէն, արդէն վեցերորդ շաբաթն է՝ կ՚արգելափակէ որոշումը, յայտնած են «Ազատութեան» աղբիւրները։

Պուտափեշթը նոյն կերպ վարուած էր նաեւ անցեալ տարի, երբ Եւրոմիութիւնը առաջին անգամ սկսաւ քննարկել Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եւրո տրամադրելու հարցը։ Այն ժամանակ Պուտափեշթը պահանջած էր, որ ծրագրին մէջ նաեւ Ատրպէյճանը ներառուի։ Շաբաթներ շարունակուած դռնփակ բանակցութիւններէն ետք, սակայն, եւրոպացի դիւանագէտները յաջողած են յաղթահարել Պուտափեշթի դիմակայութիւնը:

«Այսօրուան բանակցութիւններէն ետք դեռ որեւէ առաջընթաց չէ արձանագրուած», - հաղորդած են «Ազատութեան» աղբիւրները։