image

Սեւակ Հաճիքեանին կարեւոր պաշտօն. Ան նշանակուած է Լիբանանի նախագահական պալատի ընկերային ցանցերու համակարգող

Սեւակ Հաճիքեանին կարեւոր պաշտօն. Ան  նշանակուած է Լիբանանի նախագահական  պալատի ընկերային ցանցերու համակարգող

Սեւակ Հաճիքեան նշանակուած է Լիբանանի նախագահական Պալատի ընկերային ցանցերու համակարգող:

«Արեւելք» ասոր մասին իմացաւ համացանցէն։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Սեւակ Հաճիքեանի կատարած գրառումը այդ մասին՝

«Ուրախ եմ յայտարարելու, թէ արդէն մէկ ամիս առաջ, սկսայ իմ նոր պաշտօնիս որպէս Լիբանանի Նախագահական պալատի ընկերային ցանցերու համակարգող: Իբր նուիրեալ խմբակի մը անդամը՝ պիտի նպաստեմ արժանահաւատ բովանդակութիւն ստեղծել եւ իրազեկել երկրի առաջին դէմքի գործունէութիւնն ու կատարած աշխատանքները։

Նախագահական այս նոր ժամանակաշրջանին մենք նպատակ ունինք պատրաստել ընկերային ցանցերը՝ որպէս փոփոխութիւն եւ առաջընթաց ներկայացնող ազդեցիկ միջոցներ, ընդգծելու համար նոր վարչակազմի օրակարգերն ու առաջնահերթութիւնները, թափանցիկ եւ գրաւիչ ձեւով»: