Աւելի քան 75 երկիր պատրաստակամութիւն յայտնած է բանակցելու ԱՄՆ-ի հետ ամերիկեան կողմի սահմանած մաքսատուրքերու հարցով։ Այս լոյսին տակ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կրնայ մինչեւ 245% մաքսատուրք սահմանել Չինաստանէն ներմուծուող ապրանքներու վրայ, ըսուած է Սպիտակ տան մամուլի հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ Թրամփ մաքսատուրքեր սահմանած է այն երկիրներու նկատմամբ, որոնց հետ ԱՄՆ-ն ունի ամենամեծ առեւտրային պակասուրդը, որ «հաւասարեցնէ խաղի կանոնները եւ պաշտպանէ ԱՄՆ-ի ազգային անվտանգութիւնը»:
Առեւտրային համաձայնագրերու շուրջ բանակցիլ ուզող երկիրներու համար առանձին աւելի բարձր մաքսատուրքերու սահմանումը կասեցուած է։ Բացառութիւն կազմած է Չինաստանը, որ պատասխան միջոցներ ձեռնարկած է ԱՄՆ մաքսատուրքերու դէմ։
«Իր պատասխան գործողութիւններու հետեւանքով Չինաստանն այժմ կը սպառնայ ԱՄՆ-էն ներմուծուող ապրանքներու մաքսատուրքերու բարձրացում մինչեւ 245%-ի չափով»,- ընդգծած է Սպիտակ տունը։
Ապրիլին Տանըլտ Թրամփ բարձրացուցած է չինական ապրանքներու մաքսատուրքերը 84%-էն մինչեւ 125%, իսկ նախապէս գոյութիւն ունեցող 20% մաքսատուրքերու հետ միասին, ընդհանուր մաքսային բեռը կազմած է 145%։ Ի պատասխան՝ Չինաստանը բարձրացուցած է ամերիկեան ապրանքներու մաքսատուրքերը 84%-էն մինչեւ 125%։ Չինաստանի իշխանութիւնները հրամայած են դիւանագիտական արշաւ սկսիլ՝ խրախուսելու այլ երկիրները ընդդիմանալ ԱՄՆ մաքսատուրքերուն, հաղորդած է Reuters-ը։