Ֆրանսան յայտարարած է 12 ալճերացի դիւանագէտի արտաքսման մասին՝ մէկ օր անց այն բանէ ետք, երբ Ալճերիան յայտարարած է նոյն թուով ֆրանսացի դիւանագէտներու արտաքսման մասին՝ երկու երկիրներու միջեւ լարուածութեան աճի լոյսին տակ, յայտնած է euronews.com-ը:
Երկուշաբթի Ալճերիա յայտարարած է, որ 12 ֆրանսացիներու արտաքսման պատճառ դարձած է Ֆրանսայի իշխանութիւններու կողմէ Ալճերիոյ հիւպատոսական պաշտօնեայի ձերբակալութիւնը՝ առեւանգման գործով։
Երեքշաբթի հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Էլիզեան պալատը դատապարտած է «անհիմն» եւ «անհասկնալի» որոշումը. այդ պահի դրութեամբ 12 ֆրանսացի պաշտօնեաներն արդէն լքած էին երկիրը եւ կը վերադառնային Ֆրանսա:
«Ալճերիոյ իշխանութիւնները պատասխանատւութիւն կը կրեն մեր երկկողմ յարաբերութիւններու խիստ վատթարացման համար», -ըսած է Փարիզը՝ կոչ ընելով Ալճերիոյ «ցուցաբերելու պատասխանատւութիւն» եւ «վերսկսելու երկխօսութիւնը»։
Թէեւ լարուածութեան այս փուլը միանգամայն նոր է, սակայն երկու կողմերու յարաբերութիւնները վատթարացած են անցեալ ամառուընէ: Այդ ժամանակ է, որ Ֆրանսան փոխած է իր դիրքորոշումը՝ աջակցելով Մարոքքոյի ինքնավարութեան ծրագրին Արեւմտեան Սահարայի համար, վիճելի տարածք, որուն կը յաւակնի անկախութեան կողմնակից Փոլիսարիո ճակատը, որուն կ՚աջակցի Ալճերիան: