image

ԵՄ անդամակցութեան գործընթացը բարդ է. Սլովենիոյ Փոխվարչապետ 

ԵՄ անդամակցութեան գործընթացը բարդ է. Սլովենիոյ Փոխվարչապետ 

Հայաստանի՝ Եւրոմիութեան միանալու յաւակնութիւնները մեծապէս կը գնահատեմ: Մենք ընդհանուր արժէքներու վրայ կը հիմնենք մեր գործընկերութիւնը, եւ այս ժամանակաշրջանին իսկապէս կը կիսենք ամուր եւրոպական արժէքները: Այս մասին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Սլովենիոյ փոխվարչապետ, արտաքին ու եւրոպական հարցերու նախարար Թանիա Ֆայոնը:

«ԵՄ անդամակցութիւնը բարդ գործընթաց է, բայց այդ ինքնիշխան որոշում է, եւ մենք կը քաջալերենք Հայաստանին՝ շարունակելու ժողովրդավարացման արժէքներն առաջ մղելու, փտածութեան դէմ պայքարն առաջ տանելու գործընթացները: ԵՄ-ն այս բարեփոխումներուն աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է»,-ըսած է ան:

«Մենք մեծապէս կը գնահատենք խաղաղութեան ձեր ջանքերը, խաղաղութեան օրակարգը, եւրոպական օրակարգը: Շատ ուրախ եմ, որ այսօր այս տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանն այսպիսի իրավիճակի մէջ են, կարեւոր քայլ առաջ կատարած են՝ երկկողմ յարաբերութիւնները կանոնակարգելու համար: Սա ոչ միայն ընդհանուր տարածաշրջանի համար դրական զարգացումներու պիտի յանգեցնէ, այլեւ շատ իւրայատուկ հնարաւորութիւն է երկու կողմերու համար՝ խաղաղութեան համաձայնագիր ունենալու, որ երկու կողմերն ալ ստորագրեն խաղաղութեան համաձայնագիրը:

Ես կը գնահատեն այն մեծ աշխատանքը, որ Հայաստանը կը կատարէ խաղաղութեան այս նախաձեռնութիւններուն մէջ, քանի որ խաղաղութիւնը օգտակար է տարածաշրջանին մէջ իւրաքանչիւր կողմի համար: Մենք կը քաջալերենք եւ կ՚ողջունենք նախագիծի բնագրի ամփոփման եւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման հաստատման քայլերը:

Ինչպէս դուք ըսիք, յուսանք, որ ստորագրումը շուտով կ՚ըլլայ, եւ յուսանք, որ լարուածութիւնն այդպիսով կը նուազի այս տարածաշրջանին մէջ»,-ըսած է Ֆայոնը: