Պէյրութի մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է վաստակաւոր դերասան Յովսէփ Գաբլանեանի (Եուսուֆ) յուշ-երեկոն`Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան եւ ներկայութեամբ մեծաթիւ բեմադրիչներու, դերասաններու, համազգայնականներու եւ ընտանեկան պարագաներու:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։
Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ։
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, հինգշաբթի, 3 ապրիլ 2025-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վաստակաւոր դերասան Յովսէփ Գաբլանեանի (Եուսուֆ) յուշ-երեկոն` ներկայութեամբ մեծաթիւ բեմադրիչներու, դերասաններու, համազգայնականներու եւ ընտանեկան պարագաներու:
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անունով հայերէնով եւ արաբերէնով խօսք առաւ Նանօր Տէր Սարգիսեան, որ անդրադարձաւ հանգուցեալ Յովսէփ Գաբլանեանի աւելի քան յիսուն տարիներու թատերական գործունէութեան: Տէր Սարգիսեան ըսաւ, որ Եուսուֆ թատերական ուսում չէր ստացած, սակայն աշակերտած էր մեծ վարպետ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանին, որուն շունչով ու աշխատանքով պատրաստուեցաւ սերունդ մը, որ ձեռք ձգեց թատերական հմտութիւններ եւ բեմական-կատարողական կարողականութիւններ: Ան աւելցուց, որ Խտըշեանին հետ Եուսուֆ աւելի քան 15 ներկայացումներ կատարելէ ետք, բեմադրիչի մահուան պատճառով հետագային իր թատերական գործունէութիւնը շարունակեց բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանին հետ` մասնակցելով շուրջ 10 ներկայացումներու: Նանօր Տէր Սարգիսեան հաստատեց, որ Եուսուֆի համար փոքր կամ մեծ դեր չկար, որովհետեւ կը հաւատար, որ թատրոնը մէկ ամբողջութիւն է, որուն ինք հաւատարմօրէն ծառայած է: Ան նշեց, որ հանգուցեալը դերեր ստանձնած է կարգ մը ժապաւէններու մէջ, որոնցմէ կարելի է յիշել` Ռոպեր Կէտիկեանի «Խենթի մը պատմութիւնը», Վաչէ Պուլղուրճեանի «Հինգերորդ զօրասիւնը» եւ Թոնի Փարթամեանի «Հրամեցէ՛ք»-ը:
Ապա ներկաները դիտեցին տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուած էր Եուսուֆի թատերական ներկայացումներէն տեսարաններ, ինչպէս նաեւ `«Վանայ Ձայն»-ի կատարած հարցազրոյցէն հատուածներ:
Այս առիթով վկայութիւններ ներկայացուցին բեմադրիչներ` Վաչէ Ատրունի, Յարութիւն Գնդունի, Յակոբ Տէր Ղուկասեան, Թոնի Փարթամեան, Սուրէն Խտըշեան (արձանագրութիւն) եւ դերասաններ` Զաւէն Պաաքլինի, Հերմինէ Նիւրբէթլեան եւ Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան: Տեսերիզի ճամբով նաեւ ներկայացուեցան Սէրուժ Յովսէփեանի, Հրայր Գալեմքէրեանի, Նժդեհ Մկրտիչեանի, Հրակ Փափազեանի, Նորա Վարդիվառեանի եւ Սուրէն Խտըշեանի յուշերը: Նաեւ խօսք առաւ լիբանանցի վաստակաւոր դերասան Մունիր Քսըրուէնի, որ գնահատեց Եուսուֆի գործունէութիւնը եւ արժեւորեց հայութեան մշակութասէր ըլլալու յատկութիւնները:
Եուսուֆի ընտանիքին անունով սրտի խօսք արտասանեց Լուսին Գաբլանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի ընտանիքին` հոգատարութեան եւ զօրակցութեան համար: Լուսին Գաբլանեանի խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ «Հրամեցէ՛ք» ժապաւէնը, որուն մէջ դեր ստանձնած էր Եուսուֆ:
Յիշատակի երեկոյի աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի մէջ դերասաններու սենտիքայի ներկայացուցիչ Նաամեթ Պետէուի, որ հաստատեց, թէ Լիբանանի թատրոնի զարգացման մէջ իր իւրայատուկ եւ կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցած է հայութեան թատրոնը, որուն մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած են` Վարուժան Խտըշեանը, Ժիրայր Աւետեսեանը, Պերճ Ֆազլեանը եւ ուրիշներ: Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը արուեստասէր հաւաքականութիւն է, եւ այս իրողութիւնը մեծապէս նպաստած է Լիբանանի մէջ թատրոնի զարգացման: Եուսուֆի մահուան առիթով Պետէուի իր եւ սենտիքային անունով ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին: