Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը հաստատած է Արաբական Հանրապետութեան նոր կառավարութեան կազմը: 10 Օգոստոսին այդ մասին հաղորդած է Սուրիոյ SANA գործակալութիւնը:
Գործակալութեան տուեալներու համաձայն՝ պետութեան ղեկավարը «ստորագրած է թիւ 208 հրամանագիրը Սուրիոյ նոր կառավարութիւն կազմելու մասին՝ Հուսէյն Առնուսի ղեկավարութեամբ»:
Հրամանագրին համապատասխան՝ Ալի Ապտալա Այուպը կը շարունակէ վարել փոխվարչապետի եւ պաշտպանության նախարարի պաշտօնը, Ֆէյսալ Մըքտատը նոյնպէս պիտի շարունակէ գլխաւորել արտաքին գործերու եւ վտարանդիներու գործերու նախարարութիւնը, իսկ Քենաան Եաղին՝ ֆինանսներու նախարարութիւնը:
Նախկին կառավարութեան կազմը, Առնուսի գլխաւորութեամբ, պետութեան ղեկավարը հաստատած էր անցեալ տարուան 30 Օգոստոսին: