Արաբական աշխարհի կարեւոր տէրութիւններ մասնաւորապէս Թուրքիան հարուածած երկրաշարժէն ետք երեւելի հետաքրքրուածութիւն մը ցոյց տուած են Սուրիոյ հանդէպ։
Դէպի Հալէպ ուղարկուած օժանդակութիւններէն անդին լրահոսէն յայտնի դարձաւ, որ Սուրիոյ նախագահը պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա՝ Ռիատ մասնակցելու համար Արաբական Լիկայի հերթական ժողովին։
Ի՞նչ պայմաններու տակ եղագ այս հրաւէրը եւ ամենակարեւորը ի՞նչ զարգացումներու սպասել։
Այս բոլորին մասին իր մեկնաբանութիւնները տուած է Սագօ Արեանը, որուն կարծիքով չի բացառուիր, որ Արաբական Լիկա վերադարձի կողքին Ասատին վրայ դրուած ըլլան որոշակի պայմաններ։
Մեկնաբանը նաեւ կը յայտնէ, որ ըլլալիք ձիւնհալը անպայմանօրէն կապ ունի Ռիատ-Թեհրան համաձայնութեան հետ, որ կնքուեցաւ Փէքինի նախաձեռնութեամբ։
Նշենք նաեւ, որ սոյն մեկնաբանութեան իր մասնակցութիւնը բերած է հալէպահայ (ներկայիս հայրենադարձ) վերլուծող՝ Յակոբ Նալպանտը։
Միւս բոլոր մանրամասնութիւնները ՝տեսանիւթով։
Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ՝ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։