Եգիպտոսի մէջ սուրիացի տաղանդաւոր բեմադրիչ Հաթէմ Ալի սրտի կաթուած ստանալով մահացած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Sky News Arabya կայանէն։
Երկար տարիներ, որպէս դերասան գործած Հաթէմ Ալի բեմ բարձրացուցած է մի քանի թատերական գործեր ու հեղինած է երկու տեսաֆիլմ։
1962 -ին ծնած Հաթէմ Ալիի գլխաւորագոյն գործերէն կը համարուին «Ալ Զիր Սալէմ» եւ «Թահթ ալ արտ» գործերը։