image

Ստեֆան Տիւժարիք անհիմն կը համարէ ՀՀ-ի մէջ «Եունիսէֆ»ի ներկայացուցիչին դէմ եղած մեղադրանքը

Ստեֆան Տիւժարիք անհիմն կը համարէ ՀՀ-ի մէջ «Եունիսէֆ»ի ներկայացուցիչին դէմ եղած մեղադրանքը

 

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի խօսնակ Ստեֆան Տիւժարիքը Հայաստանի մէջ «ԵՈՒՆԻՍԷՖ»-ի ներկայացուցիչ Մարիան Քլարք-Հաթթինկի դէմ ուղղուած մեղադրանքներն առ այն, թէ ան լրտեսութեամբ զբաղուած է՝ յօգուտ Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան, անհիմն կը համարէ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, հարցին Տիւժարիքն անդրադարձած է լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ:

«Անոր դէմ լրտեսութեան մեղադրանքներն անհիմն են, ես ամբողջովին կը պաշտպանեմ զինք: Ձեզի կրնամ ըսել այն, ինչ ինծի փոխանցած են «ԵՈՒՆԻՍԷՖ»-ի իմ գործընկերները. «ԵՈՒՆԻՍԷՖ»-ը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութեան եկած են, որ Մարիան Քլարք-Հաթթինկն այս ամիս պիտի աւարտէ իր աշխատանքը որպէս Հայաստանի մէջ «ԵՈՒՆԻՍԷՖ»-ի ներկայացուցիչ եւ այլ նշանակում պիտի ստանայ»,- ըսած է Տիւժարիքը:

Ան ընդգծած է, որ Մարիան Քլարք-Հաթթինկը բարձր որակաւորում ունեցող, փորձառու մասնագէտ է, որ նախապէս աշխատած է «ԵՈՒՆԻՍԷՖ»-ի կեդրոնակայանին մէջ, կազմակերպութեան ներկայացուցիչը եղած է Մալիզիայի մէջ, այլ պաշտօններ զբաղցուցած է Սոմալիի, Կուինիայի, Պենինի եւ Մատակասկարի մէջ:

«ԵՈՒՆԻՍԷՖ»-ը 1993 թուականէն աշխատած է Հայաստանի երեխաներու համար եւ սերտ ու արդիւնաւէտ համագործակցութեան մէջ եղած է կառավարութեան հետ»,- ընդգծած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի խօսնակը: