Եգիպտոսի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան օրերս այցելութիւն տուած է ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի կեդրոնատեղի՝ Նիւ Եորք քաղաք։ Այս մասին
«Արեւելք» իմացաւ Թեմի Առաջնորդ Հայր Սուրբի դիմատետրի էջէն։
Հոգշ. Տ. Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան, այս մասին արտայայտուելով մասնաւորապէս գրած է ՝
«Երէկ 10 Մայիսին Թեմական մեր կեդրոնին մէջ ուրախութեամբ ընդունեցինք Եգիպտոսի հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեանը։
Սրբազան Հայրը Եգիպտոսի մէջ հսկայ աշխատանք կատարած է՝ վերահսկելով հայ համայնքի հոգեւոր կարիքները եւ անխոնջօրէն նպաստելով միջկրօնական երկխօսութեան եւ փոխըմբռնման: Անոր փորձառութեան մասին լսելն ու անոր իմաստութենէն սորվիլը իսկապէս ոգեշնչող է:
Մինչ մենք կը դիմագրաւենք մեր ժամանակի մարտահրաւէրները, յոյժ կարեւոր է ամրապնդել մեր եղբայրական կապերը աշխարհասփիւռ Հայ Առաքելական եկեղեցիներու միջեւ: Ես երախտապարտ եմ Սրբազանի այցին առընթեր, եւ յոյսով եմ, որ Եգիպտոսի հայոց Թեմին հետ մեր յարաբերութիւնը կը յարատեւէ եւ կ՚ամրանայ:
Թող Աստուած օրհնէ Սրբազան Հօր եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցուոյ աշխարհասփիւռ մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը»: