Օրերս Այնճարի հայ առաքելական համայնքին մէջ տեղի ունեցած է հոգեւոր եւ եղբայրական կարեւոր հանդիպում մը։ Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2026-ին, Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուած է Այնճարի Ս. Պօղոս Հայ Առաքելական Եկեղեցի, ուր հիւրընկալուած է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգեշնորհ Հայր Եզեկիէլ Վրդ. Սելլումեանի կողմէ։
Այցելութիւնը առիթ եղած է երկու հոգեւորականներու միջեւ եղբայրական հաղորդակցութեան, աղօթքի եւ փոխադարձ յարգանքի արտայայտութեան, ինչպէս նաեւ երկու եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապերու վերահաստատման։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այցի մասին Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի գրառումը՝
Ս. Պօղոս Հայ Առաքելական Եկեղեցի (Այնճար) առաջին պաշտօնական այցելութիւնը:
Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2026-ին, Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը իր առաջին պաշտօնական եւ եղբայրական այցելութիւնը տուաւ Այնճարի Ս. Պօղոս Հայ Առաքելական Եկեղեցի, ուր սիրայօժար ընդունուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգեշնորհ Հայր Եզեկիէլ Վրդ. Սելլումեանի կողմէ։
Այցելութիւնը անցաւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ՝ արտայայտելով փոխադարձ սէր, յարգանք եւ քրիստոնէական միաբանութեան գեղեցիկ ոգին։
Երկու հոգեւորականները աղօթքի միասնութեամբ փառք մատուցին Ամենակալ Աստուծոյ՝ հայցելով, որ Տէրը շարունակ օրհնէ Հայ Եկեղեցին, ամրապնդէ իր հաւատացեալ զաւակները եւ առաւել եւս զօրացնէ եղբայրական կապերը։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ պատմութեան։
Եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարուած է 1 Հոկտեմբեր 1960-ին՝ Երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Փայասլեանի հայրապետութեան օրով եւ Տ. Խորէն Սրբազան Եպիսկոպոս Բարոյեանի առաջնորդութեամբ, դառնալով Այնճարի հայ համայնքի հոգեւոր կեանքի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը։
Այս առաջին պաշտօնական այցելութիւնը եղաւ սիրոյ, վստահութեան եւ համագործակցութեան գեղեցիկ վկայութիւն՝ վերահաստատելով երկու եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ եղբայրական յարաբերութիւնները։
Թող այս կապերը շարունակեն ամրանալ Քրիստոսի սիրոյ մէջ, որպէսզի միասնական աղօթքով, փոխադարձ աջակցութեամբ եւ նոյն առաքելական ոգիով ծառայեն Աստուծոյ փառքին եւ մեր հաւատաւոր հայ ժողովուրդի հոգեւոր շինութեան։
