Քիչ առաջ սկիզբ առաւ Լիբանանի նախագահի ընտրութեան նիստը: Նիստին ներկայ են խորհրդարանի անդամ 128 երեսփոխաններուն 127-ը: Նիստի սկիզբը հակիրճ խօսք մը արտասանելով խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի յայտարարեց, որ առաջին նիստէն ընտրուելու համար թեկնածուն պէտք ունի 86 քուէի: Նշենք, որ այսօրուան նիստը 46-րդն է եւ բոլոր հաշուարկները ցոյց կու տան, որ Զօր. Միշէլ Աուն պիտի ընտրուի Լիբանանի հանրապետութեան 13-րդ նախագահ: