image

Էջմիածնի նախկին քաղաքապետը յայտնուած է դատական գործընթացի մէջ

Էջմիածնի նախկին քաղաքապետը յայտնուած է դատական գործընթացի մէջ

Գլխաւոր դատախազութիւնը հաստատած է, որ Էջմիածնի նախկին քաղաքապետի դրուագով քրէական վարոյթ կայ, որ յարուցուած է Հակափտածութեան կոմիտէի կողմէ՝ փողերու լուացման եւ պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու յօդուածներով:

«Ազատութեան» հարցման ի պատասխան, սակայն, իրաւապահները չեն մանրամասնած, թէ Դիանա Գասպարեանին ու ամուսինին մօրը՝ Ռուզաննա Ասատրեանին արդեօք այս յօդուածներո՞վ մեղադրանք առաջադրուած է: Նշած են նաեւ, որ նախաքննութիւնը կը շարունակուի, եւ ատոր շահերէն ելլելով` այլ տեղեկութիւններ չեն կրնար հաղորդել:

«Ազատութեան» տեղեկութիւններով, հարս ու կեսուր մեղադրեալի կարգավիճակ ունին: