image

Եթէ ՀԵՑ-ն ազգայնացուի, Սամուէլ Կարապետեանին փոխհատուցում պիտի տրամադրուի․ նախարար

Եթէ ՀԵՑ-ն ազգայնացուի, Սամուէլ Կարապետեանին փոխհատուցում պիտի տրամադրուի․ նախարար

Եթէ ՀԷՑ-ը պետականացուի կամ ազգայնացուի, Սամուէլ Կարապետեանին միանշանակ պիտի տրամադրուի փոխհատուցում։ Այս մասին «ՍիվիլՆեթ»ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանը՝ ընդգծելով, որ նման գործընթացներն օրէնքով կրնան իրականացուիլ միայն հատուցման եղանակով։

«Եթէ բանը հասնի պետականացմանը կամ ազգայնացմանը, կամ գերակայ շահ ճանաչելու հիմքով որեւէ գոյքի սեփականութեան իրաւունքի փոխանցմանը, միանշանակ դա հատուցելի է լինելու», –ըսած է նախարարը։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի մէջ երբեւէ՝ նոյնիսկ ամենասուր քաղաքական յայտարարութիւններու պարագային, հարց չէ դրուած այն մասին, որ փոխհատուցում պիտի չտրամադրուի․ «Որեւէ անգամ, անգամ քաղաքական սուր յայտարարութիւնների պարագայում խօսք չի գնացել այն մասին, որ հատուցում չի տրուելու»։