image

Եւրոպական շարք մը երկիրներ կը ծրագրեն օդով մարդասիրական օգնութիւն հասցընել Կազա

Եւրոպական շարք մը երկիրներ կը ծրագրեն օդով մարդասիրական օգնութիւն հասցընել Կազա

Սպանիոյ ռազմաօդային ուժերու օդանաւերը Օգոստոս 1-ին, 12 թոն պարենամթերք՝ սնունդ պիտի տեղափոխեն դէպի Կազայի հատուած։ Այս մասին կը յայտնած է The Guardian-ը։

Սպանիոյ վարչապետ Փետրո Սանչես նշած է, որ թռիչքները պիտի իրականացուին Յորդանանի տարածքէն։

«Կազայի մէջ տիրող սովը ամօթ է ամբողջ մարդկութեան համար, եւ այդ իրավիճակին վերջ տալը բարոյական պարտականութիւն մըն է», – ըսած է ան։

Պերլինը, նոյնպէս, յայտնած է իր պատրաստակամութիւնը՝ մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու Կազայի գօտի։

«Գերմանիոյ կառավարութիւնը, Յորդանանի հետ համագործակցութեամբ, անմիջապէս պիտի կազմակերպէ մարդասիրական օգնութեան առաքում՝ օդային ճանապարհով դէպի Կազա», – ըստ արեւմտեան լրատուամիջոցներու, այս մասին ըսած է Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը։

Մերց նշած է, որ Գերմանիան այս հարցով պիտի գործակցի նաեւ Ֆրանսայի եւ Մեծ Բրիտանիոյ հետ։

Յուլիս 28-ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը՝ Շոթլանտայի մէջ, հանդիպման ժամանակ Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հետ, սարսափելի որակած է Կազայի մարդասիրական իրավիճակը եւ յայտարարած, որ Միացեալ Նահանգները պիտի աւելցնէ օգնութեան ծաւալը։